«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ դատախազութիւնը մեղադրական եզրակացութիւն պատրաստած է Թուրքիոյ քաղաքացիի՝ Իսթամպուլի մէջ ԱՄՆ գլխաւոր հիւպատոսութեան նախկին աշխատակից Մեթին Թոփուզի նկատմամբ, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն, հաղորդած է թրքական «Hurriyet»-ը։
2017-ի աւարտին, երբ ԱՄՆ կառավարութիւնը խոր անհանգստութիւն յայտնած է Թոփուզի ձերբակալութեան կապակցութեամբ՝ անոր դէմ մեղադրանքները համարելով անհիմն եւ Թուրքիոյ հետ գործընկերային յարաբերութիւնները խաթարող, երկու երկիրներու միջեւ ծագեցաւ անցագրային ճգնաժամ: Թոփուզը կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը խախտելու, լրտեսական գործունէութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձի մէջ։
Մեղադրական եզրակացութեան համաձայն՝ Թոփուզը սերտ կապեր ունեցած է Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններու նախկին աշխատակիցներուն հետ, որոնք, Անգարայի կարծիքով, կապ ունին ընդդիմադիր, իսլամի քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի «FETO» կազմակերպութեան հետ։ Կը սպասուի, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ԱՄՆ դիւանագիտական առաքելութեան նախկին աշխատակիցին դէմ մեղադրական եզրակացութիւնը քննարկէ դատարանը։
Թուրքիոյ իշխանութիւնը «FETO» կազմակերպութիւնը կը մեղադրեն 2016 Յուլիսին տեղի ունեցած պետական յեղաշրջումի փորձի մեղսակցութեան մէջ։ Ինքը՝ ԱՄՆ գտնուող Կիւլենը, դատապարտած է յեղաշրջումի փորձը եւ մերժած մեղադրանքները։ Թուրքիան կը ձգտի ԱՄՆ-էն անոր արտայանձնումին։






