«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյց իրականացուցին Պէյրութի մէջ ելեւմտական նախարարութեան առջեւ՝ ուղղուած տնտեսական անբարեյարմար քաղաքականութեան եւ երկրի անհանդուրժելի կենսապայմաններուն, որոնք բացասաբար կ’ազդեն ժողովուրդի կենցաղին, երկրի տնտեսութեան իրավիճակին եւ առհասարակ հասարակական, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներու վրայ:
Բողոքի ցոյցը կը գլխաւորէր Լիբանանի Համայնավար կուսակցութիւնը, Նասերիթ ժողովրդական կազմակերպութիւնը եւ քաղաքացիական հասարակութեան խմբակներ, որոնք Պարպիր շրջանէն ուղղուեցան ելեւմտական նախարարութեան Պշարա Խուրի մասնաճիւղը:
Ի շարս այլ պահանջներու՝ ցուցարարները բարձրաձայնեցին պետական դպրոցներու կրթութեան մակարդակը բարելաւելու, աշխատանքային հնարաւորութիւններ ստեղծելու եւ հասարակութեան ցած կենսապայմանները բարեշրջելու անհրաժեշտութիւնը:






