Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Մոսկուա Եւ Անգարա Պիտի Քննարկեն Սուրիոյ Մէջ «Ապահովական Գօտի» Ստեղծելու Մանրամասնութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիան կը շարունակէ բանակցութիւնները Ռուսիոյ հետ՝ Սուրիոյ հիւսիսը անվտանգութեան գօտիի ստեղծման վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Համի Ասքոյը, կը հաղորդէ «TASS»-ը:

«Մենք շատոնց խօսած ենք գաղթականներու անվտանգութեան ապահովման համար գօտի ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն այդ ժամանակ  մեր առաջարկը չընդունեցին,- նշած է ան:- Այս թեմայով մենք կը շարունակենք մեր շփումները մեր ռուս գործընկերներուն հետ: Նախագահներ Էրտողանը եւ Փուլին կը քննարկեն այդ հարցը Յունուար 23-ին Ռուսիոյ մէջ»։

Ասքոյի խօսքերով՝ Անգարան նաեւ «կը շարունակէ բանակցութիւնները Ուաշինկթընի հետ՝ ռազմական եւ քաղաքացիական մակարդակներու վրայ»: «Թուրքիոյ ԱԳՆ պատուիրակութիւնը, արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Օնալի գլխաւորութեամբ, այս հարցը ամերիկացի գործընկերներու հետ կը քննարկէ Փետրուար 5-ին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք այցի ընթացքին»,- ընդգծած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին