«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովի իր բացման խօսքին մէջ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց ըստ կարելւոյն օժանդակելու եւ աւելի գործուն մասնակցութիւն բերելու սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձի իրականացման ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերուն:
Պետութիւնները պէտք է շարունակեն աշխատիլ սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձը երաշխաւորող համապատասխան պայմանները ստեղծելու համար: Վերադարձը պէտք է նախատեսուի դէպի Սուրիոյ Հանրապետութեան հասանելի եւ կայուն շրջանները, ինչպէս նաեւ ոչ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող գօտիները: Բացի այդ՝ անհրաժեշտ է, որ պետութիւնները խրախուսիչ իրադրութիւն ստեղծեն կամ գործնապէս քաջալեր հանդիսանան գաղթականներու՝ իրենց երկրի զարգացման, բարգաւաճման ու կայունացման ապահովման դժուարին գործին:






