«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ մասնակցած է Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեակին նուիրուած յիշատակի արարողութեան։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեան այս մասին յայտնեց Ֆէյսպուքի իր էջի ուղիղ եթերին ժամանակ։
Ան ընթերցեց բանաստեղծուհիի 100-ամեակին կապակցութեամբ հրատարակուած ժողովածուին մէջ ընդգրկուած «Հայոց աշխարհ» բանաստեղծութիւնը։
«Ես այս բանաստեղծութիւնը կարդում եմ՝ ի նշանաւորումն եւ իմ յարգանքի տուրքը մատուցելով Սիլվա Կապուտիկեանին»,- նշեց Նիկոլ Փաշինեան։






