«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի յայտարարեց, թէ երկիրը շուտով պիտի գործարկէ ծրագիր մը՝ նպատակ ունենալով յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին առնուազն 5 տոկոսով բարձրացնել կանանց մասնակցութիւնը Լիբանանի տնտեսական կեանքին մէջ:
Իր ուղերձին մէջ Հարիրի նաեւ յստակօրէն ընդգծեց, որ կանայք կը շարունակեն լուսանցքին մնալ երկրի աշխատուժին մէջ՝ ի հեճուկս իրենց ուսումնական գերազանց նուաճումին՝ տղամարդոց հետ բաղդատմամբ:






