Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Հազարաւոր Ցուցարարներ Բողոքեցին Ընդդէմ Երկրի Տնտեսական Քաղաքականութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյց իրականացուցին Պէյրութի մէջ ելեւմտական նախարարութեան առջեւ՝ ուղղուած տնտեսական անբարեյարմար քաղաքականութեան եւ երկրի անհանդուրժելի կենսապայմաններուն, որոնք բացասաբար կ’ազդեն ժողովուրդի կենցաղին, երկրի տնտեսութեան իրավիճակին եւ առհասարակ հասարակական, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներու վրայ:

Բողոքի ցոյցը կը գլխաւորէր Լիբանանի Համայնավար կուսակցութիւնը, Նասերիթ ժողովրդական կազմակերպութիւնը եւ քաղաքացիական հասարակութեան խմբակներ, որոնք  Պարպիր շրջանէն ուղղուեցան ելեւմտական նախարարութեան Պշարա Խուրի մասնաճիւղը:

Ի շարս այլ պահանջներու՝ ցուցարարները բարձրաձայնեցին   պետական դպրոցներու կրթութեան մակարդակը բարելաւելու, աշխատանքային հնարաւորութիւններ ստեղծելու եւ հասարակութեան ցած կենսապայմանները բարեշրջելու անհրաժեշտութիւնը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին