ԿԱՐՊԻՍ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր դէմքերէն Երուխանը, բուն անունով Երուանդ Սրմաքէշխանլեան է, ծնած է Պոլիս 1870-ին եւ զոհ դարձած 1915-ի մեր տխուր պատմութեան օրերուն:
Ան իր պատմուածքներուն մէջ ընդհանրապէս նկարագրած է իր օրերու Պոլսոյ համեստ դասակարգի ապրուստի համար տարած դժնդակ պայքարը, ուր սովորաբար դպրոցի երես չտեսած դերակատարներու պարզութիւնը եւ սրտցաւ անկեղծութիւնը Երուխանին գրութիւնները անսովոր ձեւով յուզիչ եւ սրտառուչ կը դարձնեն:
«Սէրինա»-յին մէջ ան կը պատմէ երկու սրտակից « թուլումպաճի» կամ ջրհանկիր բարեկամներու՝ Լութիկի եւ Սերոբի մասին դրուագ մը, որմէ ստորեւ տեղադրուած հատուածը կ’արժէ կարդալ եւ հաճոյքի վայրկեաններ վայելել:
Բարի վայելում
Կ. Պ.
* * *
– Պռաւօ՛, կեցցէ՛, կը պոռային չորս կողմէն … Ու աղջիկը կը պարէր, ինքն ալ գինովցած, վերացած, երջանիկ:
Սերոբ, աթոռի մը կռթնած, այս դիւթական տեսարանէն յափշտակուած, կը դիտէր, ալքոլէն բռնկած իր բիբերը Սէրինային շարժումներուն կը հետեւէին հիբնոսացած: Քիչ մը անդին՝ իր երկար հասակը ցցած, կը նայէր Լութիկ: Անյագաբար ըղձանքի շողերը կը կայծկլտային իր աչքերուն մէջ: Արդեօք կրնա՞ր յաւերժանալ այդ պարը, այդ հեշտանքը:
Ու պարը դադրեցաւ: Առնացի կուրծքեր լայն շունչերով թեթեւցան ու չորցած կոկորդները թրջեցան:
Լութիկ Սերոբի մօտեցաւ:
– Ընտո՞ր էր, Սերո՛բ:- էս լմնցայ. եո՞ւն:
– Քանի մը օրէն խելքս կլոխս չի գար:
Պահ մը իրարու աչքերու մէջ նայեցան: Նախանձի ժանտ օձը տեսան:
– Ապան էրեցի՞ր, ինչ,- ըսաւ Լութիկ՝ Սերոբին ուսին զարնելով:
– Էս աս աղջիկը պիտի առնեմ,- ըսաւ Սերոբ խուլ ձայնով մը:
– Է՛ս պիտի առնեմ, պատասխանեց Լութիկ, զսպուած մռնչիւնի մը պէս:
Անխօս ու տեսակ մը զարմացումով, երկու բարեկամները զիրար դիտեցին, կարծես իրարու հոգի կարդացին:
– Ձգէ՛, Լութիկ, աս գործին մի՛ խառնուիր, ուրիշ աղջիկ չիկա՞:
– Էս ինչու ձգեմ, դուն ձգէ,- ըսաւ Լութիկ արհամարհանքով: Հեմ Սէրինան քեզի չառնէր…
– Վա՛յ, ինծի չառնէր … ինչէ՞ն կիտցար՝ ….խաղացած ատենը ինտո՞ր ինծի կը նայէր կոր ….անուշ անուշ….
Լութիկ քահ-քահ խնդաց եւ դառնալով՝ բաժնուեցաւ գնաց օղիի սեղանին մօտ, մինչ Սերոբ, կատաղութեամբ պեխերը ոլորելով՝ «վա՛յ Լութիկ, վա՛յ ասանկ, հէ՞» կը մրմռար:
Գլուխները չափազանց տաքցած ըլլալով, ոչ ոք կրցաւ նշմարել այն յանկարծական ցրտութիւնը, որ առաջ եկած էր երկու բարեկամներու միջեւ: Արշալոյսին, երբ հրաւիրեալները կարմրած աչքերով եւ տատանեով դուրս ելան, դիտուեցաւ, որ Լութիկ եւ Սերոբ՝ փոխանակ թեւ-թեւի երգելով երթալու, ինչպէս կ’ընէին սովորաբար, առանձին- առանձին մեկնեցան, տարբեր ուղղութեամբ:
Ինչպէ՞ս եղաւ այդ բանը, իրենք ալ չկրցան հասկնալ: Իրենց բարեկամութիւնը, իրենց կեանքին սնունդը գրեթէ մարած էր պղպջակի մը դիւրութեամբը, աղջկայ մը նայուածքին տակ:
Հետեւեալ օրը, տարբեր գինետուներու մէջ, երկու հերոսները, զատ զատ, շարունակեցին իրենց գինարբուքը՝ արտասովոր մոլեգնութեամբ: Իրենց այս ընթացքը օրուան խօսակցութեան նիւթը եղաւ Չըքսաղընի ժողովրդական շրջանակներուն մէջ:
– Ի՞նչ է ան, Սերո՛բ կ’ըսէին, ո՞ւր է Լութիկ:
Եւ Լութիկ, իբրեւ պատասխան, ձեռքը օդին մէջ արհամարհանքով կը շարժէր՝ դէմքի նշանակալից ծամածռութեամբ մը:
– Ի՞նչ է ան, Լութի՛կ, – կ’ըսէին, – ո՞ւր է Սերոբը:
Եւ Սերոբ գրեթէ նոյն շարժումը կ’ընէր, նոյն ծամածռումով:
– Թոհա՛ֆ բան, թոհա՛ֆ բան, – կ’ըսէին ծանօթները:
Եւ Չըքսաղընի այն դասակարգը, որուն կը պատկանէին Սերոբ եւ Լութիկ, նմանապէս բաժնուեցաւ երկուքի, երկու բանակներու, իրարու հակառակորդ երկու զօրավարներու ղեկավարութեան տակ: Սակայն Սերոբ եւ Լութիկ , լռին համաձայնութեամբ մը, խնամքը ունեցան ոչ մէկուն յայտնելու իրենց բարեկամութեան խզման շարժառիթը: Մինչ ընդհակառակը՝ բաւական կարեւոր վէճեր ծագեցան Լութիկեաններու եւ Սերոբեաններու միջեւ, կծու նախատինքներու եւ համեմաւոր հայհոյանքներու ընկերակցութեամբ:
Պզտիկ ծեծկըվուքներ իսկ պատահեցան գինետուներու մէջ, հրդեհներու ատեն, երբ երկու կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը կ’ուզէր ինքը տիրանալ ջրհանին եւ վզել երթալ հրդեհին վայրը:
Յետոյ երբ խզումը կատարեալ եղաւ, Լութիկ եւ Սերոբ բնականաբար մտածեցին՝ իւրաքանչիւրը իր հաշւոյն, գերել սիրտը Սէրինային, որ առանց ուզելու, կտրտած էր այդ երկու ազնիւ ու արի սրտերը իրար կապող կապը:
Լութիկ, որ անվեհերութեան անձնաւորումն էր, նապաստակի պէս դողդողաց այն մտածումին առջեւ, թէ Սէրինային աչքը մտնելու կամ անոր սիրտը գրաւելու համար ստիպուած էր առտու իրիկուն անոր տանը առջեւէն անցնիլ եւ ժպիտ մը կամ ակնարկ մը նետել անոր, կամ փողոցէն անոր ետեւէն իյնալ, կամ …. վերջապէս, յիմարութիւններ, որոնք իր քաջ հոգին սարսուռով կը համակէին: Այնքան վատութիւն տեսաւ այս բոլոր տղայական ու վարնոց հնարքներուն մէջ, որ նոյնիսկ երբ դիպուածով փողոցը հանդիպեցաւ Սէրինային, իսկոյն քովի փողոցը դարձաւ:
– Ինչ ընելու է, ընտո՞ր ընելու է, կը մտածէր խեղճ երիտասարդը բռունցքը մոլեգնօրէն սեղմելով:
Երակներուն մէջ արիւնը կ’եփէր, երբ կը մտաբերէր այն պարագան, ուր Սերոբ կրնար իրմէ առաջ յաջողիլ եւ Սէրինան առնել: Ի՜նչ հարուած իրեն համար, իր արի ու պատուախնդիր մարդու արժանապատուութեանը համար: Կամ փախչելու էր թաղէն, մինչեւ իսկ Պոլսէն, կամ անձնասպան ըլլալու: Կ’ուզէր լրտեսել Սերոբը, բայց այս ա իրեն նողկանք պատճառող բան մըն էր: Կե զգար , որ իր խաղաղ անամպ ու շէնշող կեանքին մէջ յանկարծ մռայլ տխրութիւն մը մտած էր ու դառնութեան րոպէներու, Սէրինային այն պարը, այն դիւթական տատանումը կը թուէր իրեն գալարումը օձի մը, որ իր էութենէն ներս սողոսկէր էր:
Եւ Լութիկ զայրոյթով եւ զարմանքով ալ հաստատեց, թէ Սէրինային սիրտը գրաւելու եւ անոր տիրանալու ամենէն տարրական միջոցներէն լիովին զուրկ էր ինքը, եւ մանաւանդ իսկոյն համոզուեցաւ, որ քանի մը գռեհիկ հնարքներն ալ որոնց ձեռնհաս կը զգար ինքզինքը, սահմանուած էին ապարդիւն մնալ Սէրինայի պէս հպարտ եւ մեծամիտ աղջկան մը առջեւ: Անոր արդուզարդն իսկ, քալուածքը, նայուածքն իսկ անհնարին կը դարձնէին որեւէ մերձեցում իր եւ անոր միջեւ:
Այս տագնապներուն մէջ զիղջը շուտով սկսաւ իր ներկայութիւնը հաստատել:
– Թո՛ւ, ինչ ապուր կերայ,- կ’ըսէր ինքնիրեն Լութիկ՝ ձեռքը գլխուն զարնելով:
– Ծօ՛, ատ աղջիկը ինծի պէս թուլուպաճիին կու տա՞ն … էս վո՞վ էմ քի…. պալըխճի ի մը կտոր … ամմա քիչ մը շատ փարա կը վաստկիմ էղեր … աղէկ ամմա, ատ ախճիկը փոթուլու մարդ կ’առնէ՞. վո՞վ կիտէ՝ աչկը ուր տեղուանքն է ….
Բայց իսկոյն աչքին առջեւ գալով նորէն նազելաշուք պարուհին, օդին մէջ երկարած մարմարակերպ բազուկներով ու կանգնագեղ հասակին մեղմերեր տատանումովը, Լութիկ կը վերանար, աչքերը կը գոցէր, հետեւելու համար, անվերջօրէն, այդ անմահական պատկերին:
– Չէ՛, առնելու փախցնելու, տանելու է աս աղջիկը,- կը վճռէր:
Սերոբի հոգեկան վիճակը գեթէ նոյն եւ նման էր: Յափշտակութեան առաջին թափին մէջ ինքզինքը ձեռնհաս կարծեր էր ամէն ասպետական յանդգնութիւններու:
Մանաւանդ հաւատացեր էր, որ Լութիկ, ֆիզիքական ուժի իր մրցակիցը, այս անգամ, սիրոյ գետնին վրայ, ուզած- չուզած, տեղի պիտի տար իրեն: Վերջապէս ինք աւելի կորովի էր, աւելի առնական. Սէրինան անո՞ր պիտի հաւնէր, թէ իրեն. այս մասին կարելի՞ էր տարակուսիլ: Բայց երբ իր նպատակին հասնելու համար գործնական քայլեր առնելու եկած էր կարգը, Սերոբ, շուարած չորս կողմը նայեր էր անստոյգ:
Քանի մը անգամ, յիմարաբար խմելէն ետքը, Սէրինային տանը առջեւէն անցաւ, պեխերը ոլորած, ուշադրութիւն գրաւելու ձեւով: Բայց ափսոս, կրցաւ մինչեւ իսկ հաստատել, որ Սէրինան, պատուհանին առջեւ նստած, հազիւ անուշադիր ակնարկ մը նետեց՝ իրեն, անտարբեր անցորդին:
Այս անյաջողութիւնը կատղեցուց Սերոբը: Պահ մը կարծեց, թէ Սէրինան, ամբողջովին Լութիկով գրաւուած, իրեն երես կը դարձնէր: Յաղթանակը ուրեմն տարեր էր Լութիկ: Ոճրի կայծեր անցան իր գանկէն: Ողջամտութեան րոպէներու, սակայն , իր առջի սիրական ընկերոջ կեանքին իսկ դէմ սադրել ուզած եղեռնէն ամօթահար, ձեռքը գլխուն կը զարնէր այդ յիմար սէրը իր մէջ արծարծած եւ իր պատուական Լութիկէն բաժնուած ըլլալուն համար:
– Ծօ՛, հեմ էս վո՞վ եմ քի ատանկ ախճկան մը կը սիրահարուիմ կոր. ինծի կու տա՞ն. ինծի կ’առնէ՞. ինչի՞ս, որի ըսեմ նէ՝ վրաս կը խնդան: Թուլումպաճի ն շատ- շատ պալըխճի ին ախճիկը կ’առնէ: Սէրինան ըսես, տարին մինակ չորս հատ ֆիսթան կ’ուզէ : Ինչո՞վս պիտի առնեմ … թո՛ւ ատ գիշերը բարով- խերով չէինք գացեր այդ մարդուն տունը … Լութիկէս ալ չէի ըլլար:
Լութիկէս այո՛, իր Լութիկէն, որուն կարօտովը սաստկապէս կը տոչորէր երբեմն Սերոբի մանկական եւ ազնիւ հոգին:
– Ամմա է՞ս ըրի, ա՛ն ըրաւ,- կը մտածէր նորէն,- ինչ կ’ըլլար պէ, թող Սէրինան ինծի ձգէր… կը մեռնէ՞ր …
Ու աչքին առջեւէն կ’անցնէր Սուրբ- Յակոբի գիշերուան պարուհին, իր արձանակերտ ու դողդողացող զիստերուն տատանումովը, շուշանաթոյր եւ պսպղուն դաստակներուն ճօճումովը եւ բովանդակ քաղցր ու նրբահիւս մարմնին սաւառնածքովը, որ թունդ-թունդ հաներ էր իր հոգին, որ խենթեցուցեր, խելայեղեր էր զինքը: Ո՜հ , եթէ ան ըլլար, իր կինը, եւ երեկոյթներու մէջ կարենար պարել անոր հետ, ձեռք-ձեռքի կամ դէմ-դիմաց, ընդհանուր հիացման մէջտեղ:
Եւ կը մոռնար ամէն բան, Լութիկ, բարեկամութիւն, պայմաններու անհնարութիւն, ու կը մռնչէր իր սեղմուած ակռաներուն մէջէն.
– Չըլլար, ես Սէրինան առնելու եմ, ամմա չեն իտար եղեր. օրին մէկը օմուզս զարկածիս պէս …
Կիրքեր չէր յարուցաներ այլեւս, նախանձի կրակը չէր արծարծեր: Մանուկներու երազին մէջ երեւցող ճերմակ յուշկապարիկն էր ան, որ կ’որորէ, կը շոյէ, կը զուարթացնէ, կ’երջանկացնէ: Իւրաքանչիւրը իր յաւերժահարսը ունէր, մարմինով ու հոգիով անջատ, թերեւս շատ նման դէմքով ու ձեւով: Իրարու երես ալ նայեցան, աչք-աչքի, հէք նախկին բարեկամները, մինչեւ իսկ քաղցրօրէն, ներողամտօրէն: Իրարու ետեւէ ալ նայեցան ու մեղքցան զիրար փոխադարձաբար:
– Զաւալլը՜, Լութիկ:
– Զաւալլը՜, Սերոբ:
Բայց չխօսեցան իրարու հետ, չբարեւեցին զիրար, գինետունը դէմ- դիմաց նստած՝ օղի խմեցին ժամերով, մտախոհ, լուրջ, տրտում: Երբեք այլես ոչ ոք միտքէն անցուց այդ երկու նախկին բարեկամները իրարու մօտեցնել, իրարու գիրկ նետել, հաշտեցնել:
Իբր թէ անոնք երբեք ճանչցած չըլլային զիրար:
Սակայն, ձմերուան տխուր եւ ցուրտ գիշեր մը, երբ Լութիկ իր օղիին շիշի առջեւ կը խոկար ըստ սովորականին, Սերոբ մէկէն ի մէկ ներս մտաւ գինետունէն եւ շիտակ իր նախկին բարեկամին քով գնաց եւ անոր ուսին զարկաւ.
– Լութի՛կ, ե՛լ երթանք,- ըսաւ անյողդողդ ձայնով մը, ըսելիք ունիմ:
Լութիկ վեր նայեցաւ ապշահար, բայց իսկոյն ոտքի ելաւ ու հետեւեցաւ Սերոբի ու երկուքը մէկ՝ դուրս եկան գինետունէն:
Չըքսաղընի բարձունքին վրայ քամին կ’ոռնար ողբագին, սառնաշունչ: Ձիւնի ճերմակ ծուէններ կը դառնային խոր մթութեան մէջ: Ու երկու բարեկամները կ’երթային քով-քովի, անխօսուկ:
– Իմացա՞ր,- ըսաւ վերջապէս Սերոբ, երբ հասան բնակութիւններէ դուրս տեղ մը:
– Ի՞նչ:
– Սէրինան աս գիշեր կը կարգուի կոր:
– Իրա՞ւ:
Մութին մէջ, դէմ- դիմաց, երկու բարեկամներ իրարու կը նայէին:
– Ազատեցա՛նք, Սերոբ, – ըսաւ Լութիկ աղեխարշ հառաչով մը:
– Ազատեցա՛նք, կրկնեց Սերոբ:
Ու երկու բարեկամները ինքնաբերաբր իրարու ճիտ նետուեցան, համբուրեցին զիրար, լացին, հեկեկալով լացին, տղու պէս, երկարօրէն վերէն իջնող ձիւնի ճերմակ, ծուէններուն մէջ:
Երուխան 1870—1915