19.01.2019
Ահարոնեան ընտանիքի հոգեհարազատ անդամներ
Սիրելի սգակիր ընկերներ եւ բարեկամներ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս խոր վիշտով իմացաւ ԱՄՆ արեւմտեան ափի ՌԱԿի շրջանակի կարկառուն անդամ՝ ձեր սիրելի հօր եւ հարազատին Ընկ. ՓԱՅԼԱԿ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻՆ մահուան գոյժը։
Մեզի ծանօթ են տարիներու կրթական անխոնջ մշակ՝ հանգուցեալ ընկեր Ահարոնեանի խոհեմ ու ազգանուէր արժանիքները Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս: Ան կանուխ տարիքէն ընտրած էր իր ազգին ու հայրենիքին ծառայել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ՀԲԸՄի միջոցաւ:
Անոր վաստակը մեծ է ռամկավար մամուլի տարիներու իր աշխատակցութեամբ, ի մասնաւորի ՆՈՐ ՕՐ պաշտօնաթերթին մէջ ստորագրած իմաստալից յօդուածներով:
ԱՄՆ արեւմտեան ափի ՌԱԿի շրջանակը միշտ երախտապարտ պիտի մնայ իրեն եւ իր ընտանիքին, Լոս Անճելըսի ԹՄՄ Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի կառուցման մէջ իրենց ունեցած կարեւոր դերին համար:
Ընկ. Ահարոնեանի մահով ՌԱԿ կաղնի մը եւս կորսնցուց, որուն ձգած բացը երկար զգալի պիտի ըլլայ մեր կազմակերպութեան մէջ:
Թող, որ ընկ. Փայլակ Ահարոնեանի կեանքն ու գործը օրինակ ծառայեն յաջորդող սերունդներուն:
Յաւերժ հանգիստ իր հոգւոյն: Մխիթարութիւն զինք սգացողներուն:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ