«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան Պրունօ Ֆուշեր դեսպանութեան թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ ցաւ յայտնեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումին համար:
Թէեւ Ֆուշեր տեսանիւթին մէջ յայտնեց, որ 2018 թուականը թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ թէ՛ Փարիզի, Պրիւքսելի եւ Հռոմի մէջ տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովներուն առումով բացառիկ էր Լիբանանի համար, ան ընդգծեց կառավարութեան շուտափոյթ կազմաւորման հրամայականը:






