Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կը Մասնակցի Տաւոսի Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 20-ին աշխատանքային այցով կը մեկնի Զուիցերիա` Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ համաժողովի ծիրէն ներս կը նախատեսուին ՀՀ վարչապետի երկկողմ եւ բազմակողմ շարք մը հանդիպումներ այլ պետութիւններու ղեկավարներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, առեւտրական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Տաւոսի մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու ոչ պաշտօնական հաւաքին (IGWEL) եւ Համաշխարհային քաղաքացիական համաժողովին:

Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Զուիցերիա-Հայաստան առեւտուրի պալատի ներկայացուցիչներուն եւ զուիցերացի գործարարներու հետ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին