Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Պասիլ Կոչ Կ’ընէ Որ Սուրիա Արաբական Լիկայ Վերադառնայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հակառակ ամէն մեկնաբանութիւններու Արաբական ընկերատնտեսական գագաթնաժողովը գումարուեցաւ այսօր Պէյրութի մէջ, որուն ընթացքին իրենց խօսքերով հանդէս եկան արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Ժողովի գումարման հետ կապուած Պէյրութի շատ մը փողոցներ փակ մնացին ժողովի ապահովութեան նկատառումներով: Փակ էին նաեւ Պէյրութի տարածքին գործող վարժարաններ:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ գագաթնաժողովի առաջին նիստի մեկնարկին կոչ ըրաւ վերականգնելու Սուրիոյ անդամակցութիւնը Արաբական լիկային՝ կանխելու համար «պատմական սխալ մը»:

Այնուհետեւ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Պասիլ մասնաւորաբար դիտել տուաւ. «Ես այսօր կոչ ըրի վերընդգրկելու Սուրիոյ Հանրապետութիւնը Արաբական լիկային մէջ»: Ապա Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղեյթ շեշտեց, որ արաբական պետութիւններուն միջեւ անհամաձայնութիւն կայ տակաւին այս հարցին շուրջ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին