«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Սարգսեան երէկ այցելած են ԱՄԷ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հանրապետութեան նախագահը ծառ տնկած է դեսպանատան բակը։
Հայաստանի նախագահի այցը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ աւարտած է
ԱՄԷ հիմնադիր նախագահ Շեյխ Զայետի անուան Մեծ մզկիթ այցելութեամբ։
Հայաստանի նախագահը մզկիթին մէջ դամբարանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցած է Շեյխ Զայետ պըն Սուլթան Ալ Նահիանի յիշատակին։ Նախագահը գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ եւ նուիրած «Ցուցակ Մատենադարանի ձեռագիր Ղուրաններու» գիրքը։






