«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արաբ պետութիւնները պէտք է մէկդի դնեն քաղաքական տարաձայնութիւններն ու բազմակարծութեան յառաջացուցած մանր-մունր խնդիրները՝ հանգուցալուծելու տնտեսական առկայ անել կացութիւնը: Այս մասին ըսաւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաըտ Խուրի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ընկերատնտեսական զարգացման գագաթնաժողովի նախապատրաստական հանդիպումին՝ ըստ տեղական լրատուամիջոցներու:
«Արաբական երկիրներու հետզհետէ վատթարացող տնտեսութիւնը յանգեցուցած է տարածաշրջանի տնտեսութեան անկումին»,- «LBCI» հեռուստակայանը մէջբերած է Խուրիի խօսքը:
Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է յատուկ ծրագիր մը իրականացնել թուային տնտեսութիւն ստեղծելու համար՝ քայլ պահելու յառաջացած հասարակութիւններու մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ»:






