Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

ԱՄԷ Պետնախարարը Նունէ Սարգսեանը Հրաւիրած է Տուպայի Գիրքի Փառատօնին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ պաշտօնական այցով Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ գտնուող տիկին Նունէ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպած է ԱՄԷ պետնախարար Ռիմ ալ Հաշիմի հետ:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ տիկին Նունէ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար:

Հանրապետութեան նախագահին տիկինը եւ պետնախարարը խօսած են երկու երկիրներու միջեւ մշակութային ու կրթական փոխգործակցութեան մասին, նշելով, որ Հայաստանի մէջ, եւ հայերը ընդհանրապէս, մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն ազգային աւանդոյթներու ու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման` տիկին Սարգսեան ներկայացուցած է Երեւանի հին ձեռագիրներու թանգարան-հիմնարկի` Մատենադարանի պատմութիւնն ու գործունէութիւնը, տեղեկացուցած, որ թանգարան-հիմնարկին մէջ կը պահուին հազարաւոր, որոնց շարքին նաեւ  արաբական ու իսլամական, ձեռագիրներ:

Յայտնելով, որ օրերս եղած է Շարժայի ժառանգութեան հիմնարկ (Sharjah Institute for Heritage), ուր իրեն ցոյց տուած են հին ձեռագիրներու վերականգնման աշխատանքները` Նունէ Սարգսեան ընդգծած է, որ այս ոլորտին մէջ Հայաստան ունի կուտակուած մեծ փորձ: Ան ԱՄՆ-ի փորձագէտները հրաւիրած է Հայաստան` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու հայկական կողմի փորձառութեան, համագործակցելու հայ մասնագէտներու հետ:

ԱՄԷ պետնախարար Ռիմ ալ Հաշիմին իր հերթին նշած է, որ քաջատեղեակ է տիկին Նունէ Սարգսեանի գործունէութեան մասին: Հաշուի առնելով հանգամանքը, որ Հանրապետութեան նախագահի տիկինը նաեւ մանկական գիրքերու հեղինակ է` ԱՄԷ պետնախարարը հրաւիրած է տիկին Նունէն, որպէս պատուաւոր հիւր, Մարտին մասնակցելու Տուպայի մէջ տեղի ունենալիք գիրքի փառատօնին:

Տիկին Նունէ Սարգսեան իր հերթին պետնախարար Ռիմ ալ Հաշիմին հրաւիրած է Հայաստան` ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, ինչպէս նաեւ խորացնելու հայ-էմիրաթական գիտակրթական կապերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին