Ամերիկահայ գրող, հասարակական գործիչ Աննա Աստուածատրեան-Դուրգոդ դիմատետրի միջոցով «Թալինի մէջ Պաքուի յիշատակի անտառ» խորագիրով դրամահաւաք սկսած է: Դրամահաւաքին նպատակն է Հայաստանի Թալին քաղաքի մօտակայքը՝ 2 հա մակերեսով տարածքի մը վրայ՝ ծառատունկ իրականացնել: Ան նախաձեռնութեան մասին գրած է, որ նախագիծը պիտի իրականացուի «Հայաստան ծառատունկ ծրագիր»-ին հետ միասին եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Պաքուի ջարդերու զոհերու յիշատակին ու վերապրածներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Դրահամաքի նկարագրութեան մէջ ամերիկահայ գրողը նշած է, որ Արցախի հայութեան ինքնորոշման պայքարին Ատրպէյճանը պատասխանեց 1988-ի Սումգայիթի եւ Կիրովապատի հայերու կոտորածներով: Ըստ Աստուածատրեան-Դուրգոդի՝ թէեւ այդ քաղաքաներուն մէջ հայերու ջարդեր կազմակերպուեցան, սակայն ոչ ոք կը սպասէր, որ նոյն բանը տեղի պիտի ունենայ արդիւնաբերական, զարգացած եւ քաղաքակիրթ Պաքուի մէջ: Սակայն, 1990 Յունուար 12-ին, Պաքուի մէջ սկսաւ հայերու կոտորածը, որ տեւեց 7 օր:
«Այդ ընթացքին հարիւրաւոր, որոշ հաշուարկներով հազարաւոր հայեր ծեծեցին, խոշտանգեցին, բռնաբարեցին եւ սպաննեցին: Անոնց բնակարանները թալանեցին եւ այրեցին»:
Աստուածատրեան-Դուրգոտ նշած է, որ այդ ամէնուն հետեւանքով Պաքուն հայաթափուեցաւ, իսկ Ատրպէյճանի ներկայ իշխանութիւնները համակարգուած կերպով կը ջնջեն Ատրպէյճանի հայ համայնքի հետքերը եւ այդ երկրի պատմութեան ու մշակոյթի մէջ անոր հսկայական ներդրման մասին վկայութիւնները:
Անդարադառնալով ծառատունկի գաղափարին եւ տարածքի ընտրութեան հարցին՝ Աստուածատրեան-Դուրգոդ տեղեկացուցած է, որ ժամանակին այդ տարածքը եղած է անտառածածկ, սակայն ծառերը կտրուած են 1990-ականներուն՝ ուժանիւթի ճգնաժամին ժամանակ:
Ան նշած է, որ յոյս ունի նախագիծը կեանքի կոչել մինչեւ 2020՝ Պաքուի ջարդերու 30-րդ տարելիցը: