Պաքուի մէջ հայերուն նկատմամբ կազմակերպուած ջարդերը Սումկայիթի եւ Ազրպէյճանի այլ վայրերու մէջ հայերու ջարդերուն միջազգային հանրութեան յստակ գնահատական չտալու հետեւանք էին: «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ գումարուած ասուլին այս մասին նշեց Ազրպէյճանի հարցերով փորձագէտ Տարոն Յովհաննիսեանը։
«Ազրպէյճանի մէջ հայերուն նկատմամբ բռնութիւնները, ճնշումները սկսած են առնուազն 1988 թուականէն եւ շարունակուած են 1989, 1990 թուականներուն, եւ հայ բնակչութիւնը հարկադրուած լքած է իր բնակատեղին: Բաւական մեծ թիւով հայեր ալ դաժանաբար սպաննուած են: Բազմաթիւ վկայութիւններով ու փաստաթուղթերով կ’երեւի, որ այդ ամէնը պետութեան կողմէ կազմակերպուած եղած է»,-ըսաւ Տարոն Յովհաննիսեանը:
Ան անդրադարձաւ միջազգային կառոյցներէն մինչեւ այժմ ունեցած արձագանգներուն: Մասնաւորապէս, Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած են բանաձեւեր, որոնցմով կը քննադատուին Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերը, հետագային ընդունուած է բանաձեւ, որ կը վերաբերէր Հայաստանը շրջափակումէն հանելուն: Խորհրդային իշխանութեան կոչ կ’ըլլար ապահովելու հայերու ազատ տեղաշարժը, կեանքի, գոյքի անվտանգութիւնը: 2002 թուականին ալ ԱՄՆ գաղթականներու հարցերով յանձնաժողովի տնօրէնը նշած էր, որ տեղի ունեցած են ջարդեր, եւ անդրադարձած է անոնց հետեւանքով գաղթական դարձած հայերու խնդիրներուն:
«Այս ամէնը կարեւոր է, պէտք է ներկայացնել այս արձագանգները, որպէսզի այլ կառոյցներ ալ դատապարտեն այդ գործողութիւնները: Եթէ չես քննադատեր, քայլերու չես ձեռնարկեր, ապա ատիկա կը յանգեցնէ նոր ջարդերու»,- ըսաւ փորձագէտը:
Տարոն Յովհաննիսեանը նշեց, որ վերջին տարիներուն ալ Ազրպէյճանի մէջ հայերուն հանդէպ ատելութիւնը կը շարունակուի: Սա կու գայ վկայելու այն փաստը, որ Ռուսիոյ եւ Էսթոնիայի ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն թոյլ չէին տուած այցելել Ազրպէյճան: Անկէ բացի, Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը ուղղուած է հասարակութեան մօտ հայերուն նկատմամբ այլատեացութեան տարածումին: Դեռ մանկապարտէզներէն, դպրոցներէն այդպիսի քաղաքականութիւն կ’իրականացուի:
«Այստեղ հարց կը յառաջանայ, որ եթէ ազգութեամբ հայուն, որ այլ երկրի քաղաքացի է, չեն ձգեր, որ Ազրպէյճան մուտք գործէ, ապա ինչպէս կը վարուէին այն հայերուն նկատմամբ, որոնք մնային ու իրենց ինքնութիւնը փորձէին պահել այդ երկրին մէջ»,- աւելցուց ան:
Ազրպէյճանագէտ, ԱԺ պատգամաւոր Տաթեւիկ Հայրապետեանն ալ նշեց, որ տարբեր առիթներով կը խօսուի, կը բարձրաձայնուի Ազրպէյճանի մէջ հայերու նկատմամբ ջարդերուն մասին: Աշխատանք կը տարուի լոպպիստական կառոյցներով:
«Ազրպէյճանը հայատեացութեան դրսեւորումներով վնաս կը հասցնէ իր իսկ հասարակական, քաղաքական կեանքին: Հայերուն նկատմամբ կազմակերպուած ջարդերը հետեւանք ձգած են Ազրպէյճանի հասարակական, քաղաքական գործընթացներու միտումներուն վրայ: Յայտնի է, որ Պաքուի ջարդերու օրերուն «Ժողճակատ» կուսակցութեան համեմատաբար աւելի չափաւոր թեւը հրաժարեցաւ յանցագործութեան մէկ մաս դառնալ եւ դուրս եկաւ կուսակցութենէ: Հետագային անոնցմէ շատերը քաղաքական հալածանքի ենթարկուեցան, ձերբակալուեցան»,- ըսաւ Տաթեւիկ Հայրապետեանը:






