«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մոսկուան Պաքուէն պարզաբանումներ կ’ակնկալէ հայկական արմատներով ռուսերու՝ Ազրպէյճան մուտքը արգիլելուն հետ կապուած իւրաքանչիւր միջադէպի շուրջ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է ՌԴ ԱԳ նախարարութեան՝ Յունուար 18-ին տարածած մեկնաբանութեան մէջ:
«Ծանօթացանք Ռուսիոյ՝ հայկական արմատներով քաղաքացիներու՝ Ազրպէյճան մուտքը թոյլ չտալու վերաբերեալ մեր հաղորդումին այդ երկրի ԱԳ նախարարութեան մամուլի ծառայութեան արձագանգին: Կը նշենք մեկնաբանութեան՝ դիւանագիտական պատշաճութիւններու շրջանակներէն դուրս եկող եղանակը: Ոչ պակաս տարակուսանք կը յարուցէ անոր բովանդակութիւնը, որ կը յանգի Ազրպէյճան ժամանող ռուսերու խտրականութեան թեման՝ որպէս իբր նուազ կարեւոր, «չուռճացնելու» պահանջին՝ երկկողմ յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացման իրադրութեան»,- նշած են ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մէջ:
Նման մօտեցումը, ինչպէս ընդգծած են ՌԴ ԱԳՆ-ի մէջ, անընդունելի է:
«Գործին ուղղակի առնչութիւն չունեցող ընդհանուր դատողութիւններուն փոխարէն կը ցանկայինք առարկայական պարզաբանումներ լսել ռուսերու հետ կապուած իւրաքանչիւր միջադէպի վերաբերեալ»,- նշած են գերատեսչութեան մէջ: Դիւանագիտական գերատեսչութեան մէջ ուշադրութիւն դարձուցած են, որ ռուսերու մուտքը թոյլ չտալու դէպքերու շարքին կան այնպիսի աղաղակող դէպքեր, ինչպէս 2018 թուականի Մայիսին Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերան, Լենինկրատի պաշարումը վերապրած 81-ամեայ բնակչուհիին մուտքը մերժելը կամ 2017 թուականի Փետրուարին չորսամեայ երեխային հետ կնոջ մը մուտքը արգիլելը:
«Դիւանագիտական կապուղիներով պաշտօնական պարզաբանումներ կ’ակնկալենք Ռուսիոյ քաղաքացիներուն համար Ազրպէյճան ուղեւորութիւնները Մոսկուայի մէջ հանրապետութեան դեսպանութեան հետ համաձայնեցնելու անհրաժեշտութեան կապակցութեամբ ազրպէյճանական ակնարկներուն շուրջ, ինչը Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու անայցագիր ուղեւորութիւններուն մասին 1997 թուականի Յուլիս 3-ի համաձայնագիրի խախտում կ’ըլլար,- յաւելած են նախարարութեան մէջ:- Կախուած ազրպէյճանական կողմի արձագանգի բովանդակութենէն՝ կ’որոշենք մեր հետագայ քայլերը»:






