Վերջերս Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կազմակերպած էր հրաժեշտի մտերմիկ հաւաքոյթ մը ի պատիւ դեսպանութեան 3-րդ քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին եւ իր կողակիցին: Առիթը Պրն. Պօղոսեանին դիւանագիտական առաքելութեան աւարտն էր Լիբանանի մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Ան արժեւորեց դեսպանութեան 3-րդ քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին եւ իր կողակիցին եռամեայ գործունէութիւնը նշելով իրեն դժուար փոխարինուող արժանիքները:
Մեր կողմէ աւելցնենք, որ արդարեւ Պրն. Պօղոսեան իր աշխոյժ գործունէութեամբ եւ սիրալիր նկարագրով իր կարեւոր հետքը պիտի ձգէ լիբանանահայութեան յիշողութեան մէջ:
Հուսկ սրտի եւ ողջերթի խօսք արտասանեց Վլատիմիր Պօղոսեան (խօսքը կը հրապարակենք ամբողջութեամբ):
Աւարտին ներկաները իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին դեսպանութեան Տէր եւ Տիկ. Պօղոսեաններուն:
***
Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանութեան 3-րդ Քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանի Հրաժեշտի Ելոյթը
Հրաժեշտի այս օրը, որպէս Լիբանանում ՀՀ դեսպանութեան Լիբանանի հայ համայնքի հետ տարուող աշխատանքների դիւանագէտ, որոշեցի ձեզ հետ կիսուել իմ տպաւորութիւններով, մտքերով։
Ի դէպ, երեք տարի առաջ՝ ճիշդ այս օրը, ես ժամանեցի Լիբանան՝ սկսելու իմ դիւանագիտական առաքելութիւնը։
Անչափ երախտապարտ եմ, որ առաջին դիւանագիտական փորձառութիւնս անցաւ Լիբանանի պէս կարեւորագոյն պետութեան մէջ, որտեղ ապրում եւ արարում է ստեղծագործ եւ զօրաւոր լիբանանահայ համայնքը, իր բոլոր կառոյցներով հանդերձ, որին արդարացիօրէն անուանում են հայկական սփիւռքի սիրտ կամ միջնաբերդ, դա անհերքելի փաստ է, դրանում ինքս համոզուեցի ամէն օր, անձնական փորձառութեամբ։
Իմ խորին համոզմամբ, այստեղ՝ Լիբանանում, աշխատանքը դիւրին չէ, շատ բազմազան եւ միեւնոյն ժամանակ՝ հետաքրքիր, այն իր բնոյթով չի կարող համեմատուել որեւէ երկրում մեր դիւանագիտական ծառայութեան հետ։ Դիւրին չէ, որովհետեւ կան զգայական նուրբ պահեր, որոնք հնարաւոր չէ զանց առնել, միեւնոյն ժամանակ հետաքրքիր է, որովհետեւ ամէն օր առնչուում ես հայրենասէր, աւանդապահ եւ հիւրընկալ հայի տեսակի հետ։ Պէտք է տիրապետել դիւանագիտական հմտութիւններին, որոնց շնորհիւ միայն կարելի է ճիշդ մօտեցում ցուցաբերել՝ համայնքի իւրաքանչիւր կառոյցի եւ անհատի նկատմամբ։
Ցանկանում եմ շեշտել, որ իմ դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքում աշխատել եմ բոլոր լիբանանահայ կառոյցների հետ հաւասարապէս, մեզ բոլորիս յաջողուեց համատեղ կազմակերպել եւ իրականացնել բազմաթիւ նոր, մշտական եւ ամէնամեայ ծրագրեր, միջոցառումներ ե՛ւ հայ համայնքի, ե՛ւ լիբանանեան շրջանակներում։
Այս ամէնը հնարաւոր եղաւ իրականացնել՝ շնորհիւ ձեր մշտական ու պատրաստակամ աջակցութեան։ Շուտով ինձ փոխարինելու է յաջորդ դիւանագէտը՝ Դաւիթ Ալավերդեանը, յուսով եմ, որ իրեն եւս կաջակցէք եւ կը սատարէք։
Այստեղ ես ձեռք բերեցի նաեւ մասնագիտական մեծ փորձառութիւն, որի համար շնորհակալ եմ հայ համայնքին, քանի որ այն նոյնպէս ինձ սովորելու, փորձառութիւն ստանալու հնարաւորութիւն տուեց։ Ուրախ եմ, որ այդ գիտելիքների եւ փորձառութեան շնորհիւ կարող եմ է՛լ աւելի լաւ ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեանը։
Անշուշտ անհնար կը լինէր հասնել նման արդիւնքների՝ առանց ձեր անշահախնդիր ու ակտիւ աջակցութեան, Ձեր շնորհիւ մենք մեզ այստեղ բնաւ օտար չենք զգում։ Դուք մեզ եղաք թեւ ու թիկունք, զօրավիգ, որի շնորհիւ մենք այնքան զօրաւոր ենք։ Ի հարկէ, իմ աշխատանքի ընթացքում հնարաւոր են նաեւ թերացումներ եւ այլ սխալմունքներ, որոնց համար հայցում եմ բոլորիդ ներողամտութիւնը։
Աւարտելով՝ ցանկանում եմ ասել, որ իմ եւ տիկնոջս յիշողութիւններում մշտապէս վառ կը մնան լիբանանեան ծառայութեան տարիները, անշուշտ սա ընդմիշտ բաժանում չէ ձեզնից, վստահ եմ, որ դեռ շատ առիթներ կունենանք հանդիպելու։
Յարգելի եւ սիրելի հայրենակիցներ, մտերիմներ, սրտանց մաղթում ենք Ձեզ ամենայն բարիք եւ նորանոր յաջողութիւններ, շատ ուրախ ենք, որ մեր ծառայութեան ընթացքում ճանաչեցինք, մտերմացանք ձեզ հետ: