Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Եւրոմիութիւնը Եւ Համաշխարհային Դրամատունը 730 Միլիոն Եուրօ Կը Տրամադրեն Հայաստանին

Եւրոպական Միութիւնը եւ Համաշխարհային դրամատունը շուրջ 13 միլիառ եուրօ կը տրամադրեն Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին մասնակցող վեց պետութիւններուն՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Պելոռուսի մէջ ենթակառուցուածքային շարք մը մեծ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:

Ըստ Civilnet.am-ի՝ նախագիծերուն իրականացման նպատակով՝ կը պահանջուին ընդհանուր առմամբ շուրջ 13 միլիառ եուրօ արժողութեամբ ներդրումներ՝ նախատեսուած ընդհանուր 4800 քիլոմեթր ինքնաշարժներու մայրուղիի եւ երկաթագիծի, 6 նաւահանգիստի եւ 11 սպասարկման կեդրոններ կառուցելու համար, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Հրապարակուած փաստաթուղթին համաձայն՝ այս ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանին պիտի յատկացուի առաւել քան 730 միլիոն եուրօ: «Հիւսիս-Հարաւ»ի Արտաշատ-Ագարակ հատուածի շինարարութեան համար կը նախատեսուի յատկացնել 450 միլիոն եուրօ, Գիւմրի-Բաւրա ճանապարհին՝ 41 միլիոն եուրօ, եւս 7.5 միլիոն՝ Երեւան-Վանաձոր ճանապարհի վերանորոգման: Շուրջ 15 միլիոն եուրօ կը նախատեսուի տրամադրել Մեղրիի սահմանային անցակէտին:

Ներդրումային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած նախագիծերը սահմանուած են Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու հետ համատեղ՝ միջազգային ֆինանսական հիմնարկութիւններու աջակցութեամբ: Նախագիծերուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել նոր եւ գոյութիւն ունեցող ճանապարհներու, երկաթուղային գիծերու, նաւահանգիստներու, օդակայաններու, ինչպէս նաեւ սպասարկման կեդրոններու եւ սահմանային անցակէտերու համար անհրաժեշտ շինարարութիւն եւ վերականգնում:

«Տրանսպորտային կապի ընդարձակումը՝ ինչպէս Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջանում, այնպէս էլ Ալգ տարածաշրջանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ ունի տնտեսական աճը խթանելու եւ աշխատատեղեր ստեղծելու ներուժ: Ծրագրի միջոցով կ՛ընդգծուի ճանապարհային անվտանգութեան նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ թուային լուծումների կարեւորութիւնը նոր նախագծերում: Այն կը նպաստի  նաեւ նախագծային չափորոշիչների համապատասխանեցմանը Եւրամիութեան ներկայ գործելակերպին», նշեց Եւրոպական միութեան փոխադրամիջոցներու հարցերու յանձնակատար Վիոլեթա Պուլճ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին