«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շարք մը քրիստոնեայ ղեկավարներ կը մերժեն յառաջիկայ կառավարութեան մէջ պետական այլ մարմինի որոշումներուն նկատմամբ արգելք դնելու իրաւունք շնորհել այն անձին, որ զայն կ’ուզէ կիրարկել այլ քրիստոնեաներու դէմ: Այս մասին յայտնեց Մարատա շարժումի առաջնորդ Սլեյման Ֆրենժիէ:
Սոյն մեկնաբանութիւններու նախօրէին, Ֆրանժիէ եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ ձեռք սեղմեցին Պքերքէի մէջ քրիստոնեայ առաջատար կուսակցութիւններու ղեկավարներու հանդիպումէն ետք:
«Մենք այստեղ չենք գտնուիր պետական ինչ-որ մարմինի որոշումին նկատմամբ արգելք դնելու իրաւունք կամ լիազօրութիւն շնորհելու նախագահին»,- Ֆրանժիէ ըսաւ Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Ասուատին: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմաւորումը ի կատար կ’ածուի, եթէ Ազգային ազատ հոսանքը ընդունի նախարարական աթոռ մը զիջիլ իր բաժնեմասէն:






