Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Իրանի Հաւասարակշռուած Դիրքորոշումը ԼՂ Հիմնախնդիրին Վերաբերեալ Որեւէ Փոփոխութեան Չէ Ենթարկուած. Իրանի Ռազմական Կցորդ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան ռազմական կցորդ Մահտի Ուըժտանին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այդ մասին ֆէյսբուքեան իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Հանդիպումին քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացիկ խնդիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Յունուար 16-ին ԻԻՀ ԶՈՒ ԳՇ պետ, հրամանատար Մուհամմատ Պաղերիի՝ Ազրպէյճան կատարած այցին եւ վերջինիս՝ ԼՂ հիմնահարցին շուրջ արտայայտած դիրքորոշումին վերաբերեալ ազրպէյճանական մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկութեան:

ԻԻՀ ռազմական կցորդը վերահաստատած է Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ, ընդգծած է, որ անիկա որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած, եւ մամլոյ մէջ ներկայացուող տեղեկութիւնն ու անոր զանազան մեկնաբանութիւնները կ’աղաւաղեն զայն:

Շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական բարձր մակարդակի առկայ յարաբերութիւնները՝ կողմերը վստահութիւն յայտնած են, որ յառաջիկային բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու եւ անոնց ընթացքին տարբեր հարցերու շուրջ պաշտօնական դիրքորոշումներ արտայայտելու բազմաթիւ առիթներ կ’ըլլան:

Այս առումով Լեւոն Այվազեան ու Մահտի Ուըժտանին կարեւորած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու զարգացումը՝ ի նպաստ տարածաշրջանային կայունութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին