Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Ընկերային Բաժանմունքի Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2018ի Գործունէութեան Ամփոփում

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային յանձնախումբին հովանաւորութիւնը վայելող Ընկերային բաժանմունքի անցնող երկու ամիսներու գործունէութիւնը ներկայացնելու նպատակադրումով, ամփոփ կէտերու մէջ կը ներկայացնենք գլխաւոր աշխատանքները։

Ա․ Կազմակերպութեամբ Ընկերային բաժանմունքին, 14 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ, շաբաթական դրութեամբ սկսաւ գործել մայրերու վարժողական-դաստիարկաչական ծրագիրը, որուն նպատակն է նպաստել ծնողներու ինքնաճանաչողութեան զարգացման՝ ընկերութեան ու ընտանիքին մէջ ունենալու համար առաւել եւս արդիւնաւէտ գործունէութիւն։ Ծրագիրի մասնակցողներու թիւն է 17, իսկ ծրագիրը կը պատրաստէ կը ներկայացնէ մասնագէտ տիկին Յասմիկ Տանիէլ։ Յայտնենք, որ նշեալ ծրագիրի առաջին վեց հաւաքները արդէն իսկ իրականացած են, եւ Փետրուար 2019-ին պիտի սկսի երկրորդ հանգրուանը։ Այս առնչութեամբ յառաջիկային պիտի սերտուի նոր խմբակներ ստեղծելու կարելիութիւնները։

Բ․ Բաժանմունքը 8 դեկտեմբեր 2018-ին, բարերարի մը նուիրատուութեամբ 57 անհատներու ապահովեց մասնակցութիւնը «Քազինօ Տը Լիպան»ի մէջ ցուցադրուած «Ճէնէրէյշընզ» ներկայացումին, որ երգի, պարի, թատերական եւ մարզական ցուցադրութիւններու ընդմէջէն շուրջ հարիւր արուեստագէտներու մասնակցութեամբ ստեղծեցին հայ մանուկներուն եւ ծնողներուն մօտ խանդավառ մթնոլորտ։

Գ․ Բաժանմունքը, գործակցաբար «Ժպիտ» խումբին, Դեկտեմբերի աւարտին 60 սնտուկ ուտեստեղէն բաժնեց հայ ընտանիքներուն։ Բաժանմունքը նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին հետ գործակցաբար եւ մասնակցութեամբ ծխատէր քահանայ հայրերուն 30 ընտանիքիներու այցելեց եւ անոնց տրամադրեց սննդեղէն։

Դ․ Բաժանմունքը անտէր մնացած զոյգի մը եւ բազմանդամ ընտանիքի մը պատրաստեց խորհրդանշական Ամանորի ճաշասեղան, որպէսզի ընտանիքները հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն հաւաքաբար անցընեն ուրախ պահեր։

Ե․ Համազգայինի Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան ճեմարանի 9-րդ դասարանի նախաձեռնութեամբ, բաժանմունքը աշակերտութեան ապահովեց երկու կարիքաւոր ընտանիքներ, որոնց հետ վարժարանի աշակերտութիւնը մինչեւ տարեշրջանի աւարտ մօտէն պիտի հետեւի ընտանիքի մտահոգութիւններուն, տան կացութեան եւ կարիքներուն, ի հարկին տրամադրելով եւ որոնելով հարկ եղած միջոցները։

Զ․ Թաղական խորհուրդները եւս նոր տարուան սեմին անմաս չմնացին բարեսիրական-բարեգործական ծրագիրներէն, եւ իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ շրջաններու բարերարներու օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնեցան ծուխերու ընտանիքներուն, անոնց տրամադրելով համապատասխան նպաստ եւ ստեղծելով ուրախ մթնոլորտ։

Է․ Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընկերակցութեամբ Առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Պրն․ Զաւէն Թղըլեանին եւ ծխատէր քահանայ հայրերուն, անցնող ամիսներուն սկսաւ տարբեր շրջաններու ընտանիքներու այցելութիւններու՝ բաժնեկցելու կարիքաւորներու, անկարներու եւ ծերուներու ցաւերն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ ըստ կարելւոյն մտահոգութիւններուն վերաբերեալ ապահովելու համապատասխան լուծումներ եւ օժանդակութիւններ։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին