Ի յուշ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի վախճանման 80-ամեակին
(1874-1939)
«Հարցերուն մօտենալ վերին աստիճանի զգուշութեամբ, զգաստ հոգիով, լուրջ միջոցներով, երկիւղածութեամբ եւ իմաստութեամբ միանգամայն»։
ԹՈՐԳՈՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ութսունամեակի սեմին
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քսաներորդ դարու պատկառելի հոգեւորականներէն մին եղաւ Երուսաղէմի Հայոց Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան որուն վախճանման 80-ամեակի սեմին ուսանելի եւ անհրաժեշտ կը գտնեմ անոր թեմական, Հայրապետական Նուիրակի եւ Պատրիարքի բազմաբեղուն գործունէութեան շարքին, վերակենդանացնել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Զեկուցում» կրճատեալ անուան ներքեւ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին Երուսաղէմ ուղարկուած ծրագրի իւրայատուկ եւ մանրազնին քննութիւնը՝ հրատարակուած իր երկարաշունչ խմբագրականներով «ՍԻՈՆ» ամսագրի համապատասխան համարներուն մէջ։
Ամէն առիթով երբ ներկայ ժամանակներու Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին, յաճախ անկապակից նոյնիսկ, ժողովներ կը գումարուին եւ կամ հարցեր կ՚արծարծուին, նկատի չեն առնուիր 80 տարիներ առաջ նահատակ Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կողմէ 1937 թուին պատրաստուած վերոյիշեալ «Զեկուցում»-ը որպէս հիմք եւ մասնաւորաբար Թորգոմ Պատրիարքին խորաթափանց եւ իմաստուն վերլուծումները, գնահատանքն ու քննադատութիւնը որպէս ուղեցոյց։ Անկասկած ութսուն տարիներն ալ իրենց պարտադրանքը ունին այսօր, եւ շարք մը կէտեր որոնց անդրադարձած եմ հարկ է վերաքննել եւ ներկայ դարու պահանջքին համեմատ նկատի ունենալ Երջանկայիշատակ Պատրիարքին քննարկումները, ինչպէս ինք իր օրերուն համեմատ հարկ տեսած էր բարեկարգել։
Մայր Աթոռի «Զեկուցում»-ը
Սուրբ Էջմիածնէն 1937 Սեպտեմբեր 1 թուակիր Կոնդակով Հայրապետէն Պատրիարքին «Զեկուցում» կրճատեալ անուան տակ Հայ Եկեղեցւոյ բարենորոգութեան վերաբերեալ ընդարձակ նախագիծը Երուսաղէմ կը հասնէր, ի քննութիւն եւ ի գնահատութիւն, դրական եւ ի հարկին բացասական, որպէս Նորին Սրբութիւն Խորէն Ա. Կաթողիկոսի «ներկայացուցիչը ի սփիւռս աշխարհի եւ ղեկավար գործոյս»։
Ի պատիւ Թորգոմ Պատրիարքի պէտք է հաստատել որ ուրիշ ո՛չ մէկ հոգեւորական իրեն պարտք համարեց կատարել այնպէս ինչպէս ինք կատարեց ամենայն աչալրջութեամբ եւ բարեխղճութեամբ, շատ աւելիով քան ինչ որ եպիսկոպոսական ժողով մը պիտի կարենար կատարել։ Ապացոյցը այսօր կը տեսնենք, ժողովներ կը գումարուին եւ սակայն ապարդիւն կը մնան։ Թորգոմ Պատրիարքի առաջին պարտականութիւնը եղաւ իր իսկ բառերով «հարցերուն մօտենալ վերին աստիճանի զգուշութեամբ, զգաստ հոգիով, լուրջ միջոցներով, երկիւղածութեամբ եւ իմաստութեամբ միանգամայն»։
«Զեկուցում»-ի երկու խումբերը հետեւեալ հարցերը կը բովանդակէին։
Ա) Ծիսական արարողական հարցեր՝ ժամակարգութիւնը, եկեղեցական տօները, եկեղեցական Խորհուրդները, Մաշտոցի եւ Ճաշոցի կրճատման հարցերը։
Բ) Ընդհանուր հարցեր՝ հոգեւորականներու պատրաստութիւնը, կուսակրօնութիւնը, ամուսնական հարցեր, Պահքի վերացում, Պաշտամունքի լեզուն։
Թորգոմ Պատրիարքի տեսակէտը
Յիշեալ հարցերը ըստ Պատրիարքին թէեւ արտաքին յայտնութիւններն են քրիստոնէական կրօնքին, այսուհանդերձ անոնց բարեփոխութիւնը պատճառ պիտի դառնար վերածնունդ տալու մեր ժողովուրդին եւ հոգեպէս ստեղծելու նոր կեանքի մը բարեկարգութիւնը։ Նախազգուշացնելով ան կ՚ըսէր թէ բարեկարգութիւնը իր համապարփակ իմաստով «մեր նախնեաց ճամբէն» պէտք է ընթանայ ընտանի դարձնելով Հայ Եկեղեցին իր հօտին, «առանց երբեք ոչինչ եղծելով իր առաքելական, արեւելեան, ազգային եւ վաղնջական նկարագրէն», հեռու մնալով «արդիական թեթեւութիւններէն»։
Առաջին օրինակը տալով Պատրիարքը կը նշէր «Զեկուցում»ին առաջարկը «վերցնել լուր օրերի ժամասացութիւնները, ինչպէս եղել է քրիստոնէական եկեղեցու մէջ մինչեւ Գ. դարու վերջերը»։ Պատրիարքը լիովին անհամաձայն գտնուելով կը հարցնէ թէ բարեկարգութիւն ըսուածը պաշտամունքը Հայ Եկեղեցիէն «վերցնե՞լն» է, թէ զայն իմաստալից եւ գործնական նկատումներով «կրճատելն» է։ Անոնց վերացումը ո՛չ պատշաճ եւ ո՛չ ալ արդար կը նկատէր՝ Աստուծոյ տունը շաբթուան հինգ օրերուն վերածելով լռութեան եւ ամայութեան վայրի մը, թանգարանի մը, «վիրաւորելով մեր եկեղեցւոյ անունն ու վարկը»։
Պաշտամունքի լեզուն
Հարցերէն ամէնէն հրատապը «Աստուածպաշտութեան լեզուն է» զոր գրաբարէն աշխարհաբարի պէտք է վերածել իր «բոլոր կառոյցով», ինչպէս «Զեկուցում»ը կը թելադրէ, Ս. Գիրքն ու աղօթքները հասկնալի դարձնելու համար։ Երկու պարագաներուն ալ Թորգոմ Պատրիարք կը համաձայնի թէ բարեկարգութեան ոգիին համաձայն շարժած կ՚ըլլանք, սակայն կը հիասթափուի երբ «բոլոր կառոյցներ»-ը կը տեսնէ հոն, ուր չի մասնաւորեր շարականներու երգեցողութեան եւ Ս. Պատարագի մատուցման բացառութիւնը։ Մեր հաստատումով որեւէ ձեւի տարբերակ արտօնելի չէ։ Միայն ուսուցման յատուկ գրքոյկներով կարելի է օժանդակել ուր կը բացատրուին անոնց բովանդակութիւնը։ Այս երկուքը, շարականն ու պատարագը, կը տարբերին Ս. Գրքի եւ աղօթքներու ընթերցումներէն, պարագայ մը որ Պատրիարքի օրերուն անշուշտ հրատապ չէր։
Մեր յաւելեալ դիտարկութիւնն այն է որ Շարականներուն մէջ անընդհատ կը ցցուի աստուածաբանական եզրերու եւ երաժշտութեան ներդաշնակ համակեցութեան սկզբունքը որով անկարելի կը դառնայ անոնց թարգմանութեամբ երգեցողութիւնը։ Շարական մը աշխարհաբար եւ կամ թարգմանաբար այլ լեզուով երգել կը նշանակէ միայն հեգնել զայն ու եղծել անոր հոգեւոր պատգամը։ Շարականը կա՛մ պիտի երգես իր յատուկ «ձայներով», եւ կա՛մ պիտի չերգես։ Երկընտրանք չկայ։ Թարգմանութեան տեսակէտէն հապճեպ եւ վնասակար վճիռներ արձակելով Ս. Պատարագի մատուցումը երբեք դասելի չէ աղօթքներու կարգին նկատի ունենալով Հայ Եկեղեցւոյ ազգային եւ սուրբ հաստատութիւն մը ըլլալը։
Մեր տեսութեամբ անհրաժեշտ է չդպչիլ Պատարագի գրաբար կառոյցին, եւ սակայն հայթայթել ամէն միջոց, թարգմանութիւն եւ տառադարձութիւն, ինչպէս արդէն կատարուած է տարիներէ ի վեր, բացատրողական գրքոյկներով ուսուցման համար միայն, եւ ոչ պաշտամունքի կատարման։ Նոյնը կատարել ընտրովի շարականներուն համար։ Անշուշտ հաւատացեալներու պարտքը պիտի ըլլայ սերտել զանոնք դասապահերու ընթացքին, եւ մասնակից դառնալ Սուրբ Պատարագին։
Միւս Խորհորդներու պարագային, ինչպէս Մկրտութան եւ Պսակադրութեան մատակարարման ընթացքին, Մաշտոցի բնագիրէն կարեւոր հատուածներ աշխարհաբար եւ ի հարկին տեղական լեզուներով թարգմանաբար կարդալ, անպայման կը նպաստէ բարեկարգութեան գործնապէս, այն իմաստով որ ի վերջոյ Հայ Եկեղեցին հայ ժողովուրդի հոգեւոր հաստատութիւնն է զոր Քրիստոսի ժողովուրդը ամրագրած է հասկնալով թէ ի՛նչ կը կարդացուի եւ ի՛նչ կ՚երգուի, քանի որ առանց ժողովուրդի եկեղեցիներ գոյութիւն չեն կրնար ունենալ, մանաւանդ ներկայ դարուս։
Բնագիրներու կրճատում
Լեզուին հետ կապ ունի նաեւ Մաշտոցի, Ժամագիրքի, եւ Ճաշոցի բնագիրներուն հեղինակաւոր կրճատումը, որուն թոյլ կերպով ակնարկած է «Զեկուցում»-ը։ Թորգոմ Պատրիարքի զգուշացումն է կրճատել բնագիրները իմաստալից եւ ներամփոփ կերպով, մասնաւորաբար տեղի չտալով քմահաճ եւ սանձարձակ կտորներու վերածելով զանոնք ու մերկացնելով կանոնական իրավիճակէն որպէսզի գրաբարի հետքը չկորսուի, այլ մնայ վաւերականութեան եւ կանոնականութեան իբրեւ դրոշմ ու կնիք։ Միւս կողմէն սակայն առարկելի է Պատրիարքին կարծիքը թէ բարեկարգութեան հարցը ո՛չ թէ ծէսին եւ ընթերցուածներուն մէջ պէտք է փնտռել, այլ «զանոնք կատարողներուն կերպին ու անոնց ներկայ եղողներուն վերաբերմունքին մէջ»։ Սոյն դիտողութինը եղած է 80 տարիներ առաջ եւ այսօր վերատեսութեան կը կարօտի, մանաւանդ երբ իմ բացատրութեամբ նկատի ունենանք հաւատացեալներուն «բարի երկիւղածութիւնը եւ անհամբեր անհանդուրժողութիւնը»։ Աւելին, անցեալի դիւրահաճ ընկալումը դադրած է, եւ այժմ արագ եւ հասկնալի գործնական ու ժամանակին համընթաց կերպն է որ ժողովուրդը կ՚ակնկալէ եկեղեցիէն քան թէ երկարաբան ու ձանձրացուցիչ կերպը։
Ամերիկայի հայ եկեղեցիներուն մէջ բարեկարգութեան առաջին քայլերը առնուած են մասնակի եւ կրճատեալ աշխարհաբար եւ անգլերէն լեզուներով ընթերցուելով։ Իմաստուն Պատրիարքը չափազանցութեան երթալով անկարելի կը տեսնէ «տարր մը կամ տառ մը պակսեցնել անոնց մէկէն կամ միւսէն առանց զանոնք տկարացնելէ ոգեւորող բարձր ներշնչումին ուժէն»։ Սակայն նման մօտեցում մը այդ ծէսերը չեն արդիականացներ, կրկնութիւնները չեն թօթափեր ու կ՚արգիլեն որ աւելի ամփոփ եւ հաճելի կատարուին։ Այս կը հաստատէ թէ բարեկարգութեան առանցքը ենթակայական ըլլալու է քան թէ առարկայական, որ ինքնին կը պարտադրէ արդիականացնել ինչ որ կը հրամցուի ներկայ սերունդին։
Կուսակրօնութեան հարց
Սոյն հարցի կապակցութեամբ «Զեկուցում»-ը նկատի առած է զգաստ եւ ընդունելի սահմանումներ, առանց դիմելու անոր վերացումին։ Թորգոմ Պատրիարքի վերլուծմամբ խնդրին էութիւնը մէկ կողմէն ազատութեան եւ միւս կողմէն յօժարութեան զոյգ յանձնառութիւնները կը թելադրէ, երկրորդ պարագային աւելի ներամփոփ, խստակրօն եւ վանական դրութեան մը ներքեւ ծառայելով։ Այսուհանդերձ, կ՚ըսէ Թորգոմ Պատրիարք, լսելու ենք Առաքեալին զոյգ յորդորները, թէ «պարտ է եպիսկոպոսին լինել միոյ կնոջ այր», այսինքն մէկ անգամ ամուսնացած, որ կը հաստատէ թէ հոգեւորականը կրնայ ընտանիք կազմել, ինչպէս Հայ Եկեղեցւոյ սկզբնական դարերուն, եւ թէ «պատուական է ամուսնութիւն» յորդորը։
Առաքեալի այս յորդորներէն կարելի չէ հետեւցնել, կ՚ըսէ Թորգոմ Պատրիարք, թէ կուսակրօնութիւնը աւելի նախնական էր եւ կենսական։ Ընդհակառակը, ան յետոյ ներմուծուած կարգապահական դրութիւն մը եղաւ, որ իր բացատրութեամբ «եթէ պահ մը անձնուրաց եւ սրբակեաց դրոշմ թողուց, միւս կողմէ սակայն պակաս չեղան բարոյական սայթաքումները որոնք չարդարացուցին կուսակրօնութեան գերիվեր դիրքը ամուսնացեալ քահանայութեան վրայ»։ Ըստ Պատրիարք Հօր, նախընտրութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ պարագային այլեւս չի կայանար կուսակրօնութեան «առաւելութեան» վրայ, որովհետեւ ծառայութեան դաշտը աշխարհիկ հոգեւորականին ձեռքն է ու անոնք են իրական հովիւները։
Իր հեղինակաւոր խօսքը ութսուն տարիներ առաջ որպէս եզրակացութիւն «Զեկուցում»-ի այս հարցին եւս Պատրիարքը ըսած է ու անվարան յայտարարած, թէ «իրականութիւն է այլեւս որ հասած է ամուսնաւոր հոգեւորականներուն առջեւ եկեղեցական յառաջացումի եւ վարչական ասպարէզի ընդլայնման ժամը, այդ կը պահանջէ ո՛չ միայն դարու ոգին, այլ մանաւանդ ներքնապէս եկեղեցական ուժաւորման հարկը, ու ատոր չեն հակառակիր ո՛չ կրօնքին հոգին եւ ո՛չ մեր եկեղեցւոյ նախկին եւ ներկայ իրաւաբանութիւնը» (ՍԻՈՆ, 1932, էջ 327)։






