«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Այսօր Պէյրութի մէջ ընթացք կ՛առնէ Արաբական տնտեսական գագաթաժողովը, որուն Արաբական Լիկայի մէջ արաբական երկիրներու մնայուն ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ նախապատրաստական ժողովը տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին:
Հակառակ անոր, որ Լիբանան մեծ թափով պատրաստուեցաւ հիւրընկալել համաարաբական տնտեսական գագաթաժողովը, սակայն նախագահներու մակարդակով ներկայացուցչութիւնը բաւական տկար դուրս եկաւ, որուն պատճառը կը նկատուի անցնող օրերու տարակարծութիւնները ինչ կը վերաբերի Լիպիոյ մասնակցութեան:
Ամէն պարագայի սակայն այս առիթով գործի դրուած են յատուկ կարգադրութիւններ, որոնց ամէնէն գլխաւորը՝ մայարաքաղաքի տարածքին դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ երկրին պետական հաստատութիւններուն փակ մնալն է:
Լիբանանի Ներքին գործոց նախարարութեան կարգադրութեամբ երկրին մէջ գործող զէնքի բոլոր արտօնագրերը պիտի սառեցուին որոշ ժամկէտով մը:
Յիշեցնենք, որ այս տնտեսական գագթաժողովը տեղի կ’ունենայ այն պահուն, երբ արաբական մէկէ աւելի պետութիւններ որոշ դրական նշաններ ուղարկած են Սուրիոյ նկատմամբ սակայն ժողովին մասնակցելու համար հրաւէր չուղարկուեցաւ Սուրիոյ հանրապետութեան:






