«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Human Rights Watch» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին վերաբերեալ 2018 թուականի զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարած է նաեւ Թուրքիոյ եւ այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական t24.com.tr-ն:
Կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քենթ Ռոթը զեկոյցին մէջ Թուրքիան դասած է ամբոխահաճ եւ բռնապետ երկիրներու շարքին:
Երբ երկրին մէջ ժողովուրդին ընդվզումը բռնութեամբ կը ճնշուի, եւ արտաքին աշխարհը աչք կը փակէ այդ ամէնուն վրայ, Ռոթը որպէս ամենաթողութեան օրինակ մատնացոյց ըրած է նախագահ Թայիփ Էրտողանին:
Անդրադառնալով Էրտողանին Ռոթը նշած է. «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական առկայ համակարգը մեծապէս կը վնասուի անձի անձեռնմխելիութեան հետեւանքով, իսկ Եւրոպան գաղթականներու մուտքը դէպի իր տարածքը կանխելու համար կեդրոնացած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը ստանալու վրայ»:
Զեկոյցին մէջ Թուրքիոյ հետ ամբոխահաճ եւ բռնապետ երկիրներու շարքին դասուած են Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Չինաստանն ու Ռուսիան:






