Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Ֆրանժիէ Կը Մերժէ Պետական Այլ Մարմինի Որոշումին Նկատմամբ Արգելք Դնելու Իրաւունք Շնորհել Ոեւէ Քաղաքական Գործիչի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Շարք մը քրիստոնեայ ղեկավարներ կը մերժեն յառաջիկայ կառավարութեան մէջ պետական այլ մարմինի որոշումներուն նկատմամբ արգելք դնելու իրաւունք շնորհել այն անձին, որ զայն կ’ուզէ կիրարկել այլ քրիստոնեաներու դէմ: Այս մասին յայտնեց Մարատա շարժումի առաջնորդ Սլեյման Ֆրենժիէ:

Սոյն մեկնաբանութիւններու նախօրէին, Ֆրանժիէ եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ ձեռք սեղմեցին Պքերքէի մէջ քրիստոնեայ առաջատար կուսակցութիւններու ղեկավարներու հանդիպումէն ետք:

«Մենք այստեղ չենք գտնուիր պետական ինչ-որ մարմինի որոշումին նկատմամբ արգելք դնելու իրաւունք կամ լիազօրութիւն շնորհելու նախագահին»,- Ֆրանժիէ ըսաւ Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Ասուատին: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմաւորումը ի կատար կ’ածուի, եթէ Ազգային ազատ հոսանքը ընդունի նախարարական աթոռ մը զիջիլ իր բաժնեմասէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին