ՃԵՍՓԸՐ ՄՈՐԹԻՄԸՐ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մ. Նահանգներու Ազգային Ապահովութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Անքարայէն հեռացաւ ձեռնունայն, առանց գալու համաձայնութեան մը, որ պիտի պաշտպանէր Ուաշինկթընի դաշնակիցները, երբ Ամերիկա քաշէր իր զօրքերը հիւսիսային Սուրիայէն։
Սուրիոյ մասին յիշեալ բանակցութիւնները փուլ եկան, ու Ճոն Պոլթըն վերադարձաւ Ամերիկա։ Այնուհետեւ, Թուրքիա պիտի փորձէ հիւսիսային Սուրիա արշաւել, հակառակ Ուաշինկթընի, Մոսկուայի ու սուրիական կառավարութեան ընդդիմութեանց։
Երկու ժամուան բանակցութիւնները, Թուրքիոյ նախագահական խորհրդատու Իպրահիմ Քալինի հետ, ընթացած են ձգտեալ մթնոլորտի մէջ, առանց համաձայնութեան մը յանգելու։ Նախագահ Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողան ջնջած է հրապարակային հանդիպումը թերթերու թղթակիցներուն հետ, իսկ Պոլթըն՝ իր մամլոյ ասուլիսը, ուղղակի օդակայան մեկնելով։
Ատեն մը ետք, Երեքշաբթի օրուան աւանդական իր ուղերձի ընթացքին, Էրտողան խօսած է Սուրիոյ Քիւրտ Ժողովրդավար Միաւորներու (YPG), Քիւրտ Բանուորական Կուսակցութեան (PKK) ու Տաէշ կոչեցեալ Իսլամական Պետութեան (ԻՍԻՍ) մասին։
Ամերիկացի 2,000 զինուորները Սուրիոյ մէջ կռուած են ԻՍԻՍ-ի դէմ՝ Սուրիական Տեմոքրաթիք Ուժերու (SDF), եւ արաբ-քիւրտ զինեալներու հետ, որոնց մեծ մասը YPG-ի քիւրտերէն կը բաղկանայ։ Ուաշինկթըն PKK-ն կը նկատէ ահաբեկիչ կազմակերպութիւն մը, բայց ոչ՝ YPG-ն, որ ինքնին սակայն PKK-ին քոյր կազմակերպութիւնն է։
Պոլթըն, հանդիպումէն առաջ յայտարարած էր. «Չենք խորհիր որ թուրքերը կատարելու են զինուորական արշաւ մը, առանց Մ. Նահանգներու համաձայնութեան ու գործակցութեան, որպէսզի չվտանգեն մեր զինուորները, ու միանգամայն, որպէսզի մեզի հետ պայքարող սուրիական ընդդիմադիր ուժերը վտանգի չենթարկուին»։
Նման կեցուածք մը, որ կ՚ակնկալէր Ուաշինկթընի արտօնութիւնը՝ զինուորական գործողութեան մը դիմելու համար, հաճելի չէր Անքարայի համար, եւ ոչ ալ ընդունելի էր զինուորական գործողութիւն մը YPG-ին դէմ, որ ամերիկացիներուն հետ կռուած էր։
Ըստ «Հիւրրիէթ» օրաթերթին, Թուրքիան ալ հետեւեալ առաջարկն ունէր. «Երբ Ամերիկա քաշէր իր ուժերը Սուրիայէն, Մ. Նահանգներ զինուորական իր 16 կայանները փոխանցելու էր Թուրքիոյ, կամ՝ շրջանային իշխանութեանց։ Առիթ ընծայելու չէր ակաբեկիչ կազմակերպութիւններուն, յիշեալ պարպումներուն առիթով», աւելցուցած էր Իպրահիմ Քալին։
Ամերիկա-Թուրքիա բանակցութեանց ձախողութիւնը անլոյծ կը թողու բազմաթիւ հարցեր։ Թուրքիա առաջարկած է քիւրտերուն յանձնուած զէնքերը ետ առնել, մինչ ամերիկացի զօրավար մը յայտարարած էր, թէ անոնք քիւրտերուն պիտի մնան։
Ամէնէն անհակակշռելի քայլը պիտի ըլլար, եթէ Թուրքիա առանձին կատարէր զինաթափումը, կամ՝ ամերիկեան լքեալ զինամթերքի զինաթափումը, յատկապէս՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։ Յունուար 8-ին, Էրտողան յայտնեց իր վճռակամութիւնը չէզոքացնելու ահաբեկիչ խմբաւորումները նման նախաձեռնութեան մը, սակայն, պիտի ընդդիմանան Ուաշինկթըն, Դամասկոս ու Մոսկուա, Սուրիա ուզելով մաքրագործելով տիրապետել իր երկրի հիւսիսային շրջանին, իսկ Ռուսաստան՝ ցանկալով տիրապետել նոյն տարածաշրջանի օդային միջոցին։
Մոսկուայի դիրքորոշումը ա՛յն է, որ միջազգային օրէնքով, ստեղծուելիք պարապութիւնը լեցնելու է սուրիական պետութիւնը։ Լրացուցիչ կերպով, սուրիական զօրքերը կրնան, ի հարկէ, արգելակեալ գօտի մը (buffer zone) ստեղծել, YPG-ի զինեալները հեռու պահելով թրքական սահմանէն։
Հարցը ա՛յն է, թէ Ռուսիա ո՞ր աստիճանի թիկունք պիտի կանգնի Սուրիոյ։ Անիկա շատ զգայուն է թրքական քաղաքականութեան հանդէպ իր դիրքորոշումին մէջ։ Անիկա կը ճգնի Թուրքիան հեռու պահել Արեւմուտքէն։
Պաղտատի նախկին թուրք դեսպան Մուրատ Օզչելլիքի համաձայն, Ռուսաստան, առանց ուժ գործածելու, կրնայ համոզել Թուրքիան, որպէսզի զինուորական մեծ ներխուժում մը չկատարէ Սուրիայէն ներս։ Աւելի հաւանական կարելիութիւն մը պիտի ըլլար, որ թրքական զօրքեր մտնեն սահմանակից քաղաքներ, ինչպէս՝ Թէլ Ապիատ, ուր արաբ տեղացիները մեծամասնութիւն են, ու դիմադրութիւն ցոյց պիտի չտան։ YPG-ին համաատենապետը՝ Շահոզ Հասան, Associated Press-ին հաղորդած է. «Եթէ Թուրքիա հիւսիսային Սուրիա մտնէ, պատրաստ պիտի ըլլանք դիմադրելու»։
Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ, կը հետեւի թէ, առանց ամերիկեան ու ռուսական նեցուկի, նուազեցնելու է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ միջամտութեան ախորժակը։
Այս օրերուն, ստեղծուած է նոր իրադրութիւն մը, որ կը նախատեսէ հիւսիսային Սուրիոյ ճակատագրին սահմանումը միջազգային համախմբութեամբ, քան թէ՝ մրցակցութեամբ։ Պոլթըն, վերոյիշեալ վերջին հանդիպումին հաղորդած է, թէ զօրքերու պարպումը կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ 120 օր, սկսեալ նախագահ Թրամփի յայտարարած թուականէն (19 Դեկտեմբեր 2018)։
Այնպէս որ, Անքարա, Ուաշինկթըն ու Մոսկուա աւելի քան 3 ամիսներ ունին համախոհութեան մը գալու համար։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Էլ-Մոնիթըր», 8 Յունուար 2019






