«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրախորհրդարանի՝ Յունուար 17-ի նիստին Ազրպէյճանի իշխանութիւնը մարդու իրաւունքներու առկայ իրավիճակի քննարկումի թեմայի լոյսին տակ սուր քննադատութեան ենթարկուած է:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:
Եւրախորհրդարանի նիստի ժամանակ տարբեր երկիրներէ մօտ երկու տասնեակ խորհրդարանականներ անդրադարձած են Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն եւ մասնաւորապէս քաղաքական բանտարկեալ, ընդդիմադիր էջատէր Մեհման Հուսեյնովի գործին:
Խորհրդարանականները գրեթէ միաձայն նշած են, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը երկար տարիներ կոպիտ ձեւով կը խախտէ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարութեան սկզբունքները:
Եւրախորհրդարանի պատգամաւորները քննադատութեան ենթարկած են նաեւ ազրպէյճանական լոպպիով զբաղող եւրոպական գործիչները, որոնք Ազրպէյճանի իշխանութենէն ստացուող գումարներուն դիմաց աչք կը փակեն այդ երկրին մէջ տեղի ունեցող աղաղակող խախտումներուն վրայ եւ կեղծ մեթոտներով կը փորձեն արժեւորել Ազրպէյճանի՝ որպէս Եւրոպայի համար բնական կազի աղբիւր հանդիսացող երկրի դերը:
Խորհրդարանականները նշած են, որ, ի դէմս Փետրօ Ակրամունթի, այն բոլոր եւրոպական գործիչները, որոնք գումարի դիմաց փորձած են պաշտպանել Ազրպէյճանի իշխող ռեժիմը, պէտք է անյապաղ պատասխանատուութեան ենթարկուին:
«Պէտք է վերջ դնել պաշտօնեաներու կամայականութիւններուն, պատժամիջոցներ կիրարկել այդ երկրի առաջին դէմքի եւ միւս պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք մեղաւոր են Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար»,- գրեթէ միաձայն ըսուած է պատգամաւորներու ելոյթներուն ժամանակ:
Առեւտուրի հարցերով եւրոպական յանձնակատար Սեսիլիա Մալսթրոմը նշած է, որ Պրիւքսելը աշխոյժ երկխօսութեան մէջ է Ազրպէյճանի իշխանութեան հետ, եւ իրենք կը պահանջեն անյապաղ ազատ արձակել էջատէր Մեհման Հուսեյնովը:
«Էջատիրոջ դէմ յարուցուած նոր քրէական գործը կը հակասէ Եւրամիութեան եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն: Ազրպէյճանի հետ մեր բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ նոր համաձայնագիրը անպայման պիտի պարունակէ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ օրինապահ պետութեան վերաբերեալ կէտեր: Այդ դրոյթները մշակելու ընթացքին մենք աշխուժօրէն պիտի գործակցինք Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ Փետրուար 5-ին Պաքուի մէջ պիտի շարունակենք մեր քննարկումները»,- նշած է Մալսթրոմը:
Եւրոպական յանձնակատարը յաւելած է նաեւ, որ Պաքուի մէջ Եւրամիութեան գրասենեակը մշտադիտարկումի տակ կը պահէ ինչպէս Մեհման Հուսեյնովի, այնպէս ալ միւս քաղաքական բանտարկեալներու հետ կապուած հարցերը:
Եւրախորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք ընդունուած է բանաձեւ, ուր պաշտօնական Պաքուն մարդու իրաւունքներու խախտումին համար ենթարկուած է սուր քննադատութեան:






