Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Պոսնիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի արտաքին գործոց նախարարին հետ՝ կոչ ընելով խթանելու երկկողմ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Իկոր Ցրնատաքի հետ հանդիպումին Աուն կոչ ըրաւ նաեւ զարկ տալու երկկողմ զբօսաշրջութեան՝ հաշուի առնելով, որ ամէն տարի մօտ 7000 լիբանանցի կ’այցելէ Հերցեկովինայի Մետուկորիէ քաղաքը: Այս մասին կը հաղորդեն Լիբանանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն:

Սա Ցրնատաքի առաջին այցելութիւնն է Լիբանան: Այս առումով արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կրնայ մեկնակէտ հանդիսանալ երկու երկիրներուն միջեւ նոր եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին