«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպան Արսէն Մկրտչեանը Յունուար 17-ին հանդիպեցաւ ՀՀ վերաքննիչ դատարանի շէնքին առջեւ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոցը փոխելու դէմ բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, բողոքի ցոյցը սկսած էր Դեկտեմբեր 21-ին, երբ Մանուէլ Գրիգորեանը 25 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց կալանքէ ազատ արձակուած էր: Դեկտեմբեր 24-ին դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած էր Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան դէմ:
Յունուար 10-ին Մանուէլ Գրիգորեանի՝ կալանքէն ազատ արձակուելուն դէմ բողոքող ցուցարարներէն մէկը թքած էր անոր պաշտպանի մեքենային վրայ եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցուցած անոր հասցէին:
Հանդիպումին ցոյցի կազմակերպիչներէն մէկը` Ջիւան Աբրահամեանը, Արսեն Մկրտչեանին վստահեցուց, որ իրենք պաշտպանին դէմ որեւէ խնդիր չունին եւ ոչ ալ դէմ են, որ Մանուէլ Գրիգորեանը պաշտպան ունենայ:
«Վստահ եղէք, որ քաղաքացիներուն կողմէ ձեր նկատմամբ ոեւէ մէկը որեւէ գործողութիւն պիտի չկատարէ, եւ դուք հանգիստ կրնաք ձեր պաշտպանական լիազօրութիւնները կատարել: Միեւնոյն ժամանակ կը խնդրենք, որ իրարու հանդէպ այլեւս որեւէ արտայայտութիւն չըլլայ»,- ըսաւ Աբրահամեանը:
Արսէն Մկրտչեանը հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք փարատուա՞ծ են այն կասկածները, որ ինքը ցուցարարները վիրաւորած է: Ցուցարարը, որ թքած էր մեքենային վրայ եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցուցած, ըսաւ, որ այդ պահուն վրդովուած եղած է, ինչու չէ նաեւ սադրանքի ենթարկուած ու նման քայլ կատարած է, որուն համար կը զղջայ:
Արսէն Մկրտչեանը որպէս հաշտութեան նշան առաջարկեց աքթիվիստի մեքենայով ուղեւորուիլ դէպի Էջմիածինի իր գրասենեակը:
Ցուցարարները խոստացան նաեւ, որ այլեւս ճամբաները պիտի չփակեն ու պիտի գործեն ՀՀ օրէնքներու ծիրին մէջ։






