Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Մեկնող երախտաւորներէն

ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ՝ ՎԱՐԴԳԷՍ ԳԱՐՏԱՇԵԱՆԸ

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ազգային գործիչները, ընդհանրապէս յարգելի անձնաւորութիւններ են, որոնք ազգային կեանքին մէջ կը գրաւեն իւրայատուկ տեղ, որովհետեւ իրենց ամբողջ կեանքը կը նուիրեն իրենց ժողովուրդի ծառայութեան ու բարօրութեան։

Իսկական ազգային գործիչները, իրենց վստահուած պաշտօնները կը վարեն ամենայն նուիրուածութեամբ ու հարազատութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ անկեղծութեամբ, համոզուած ըլլալով իրենց աշխատանքին կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան։

Անտարակոյս, ազգային գործը, իր զանազան դրսեւորումներով ու շերտաւորումներով, ամէն մարդու տրուած չէ, որովհետեւ ատիկա կապուած է.

– Կոչումի

– Հաւատքի

– Համոզումի

– Զարգացումի

– Անհատականութեան

Բարեմասնութիւններու հետ, որոնցմէ զուրկ են անարժաններ, պատեհապաշտներ, փառամոլներ, ամբարտաւաններ, ցուցամոլներ կամ թուլամորթներ, որոնք կը յաւակնին ազգային ղեկավար կամ գործիչ ըլլալ (ձեւացնե՛լ)։

Այս պատճառով ալ վերը ակնարկեցի իսկական ազգային գործիչներու յարգելիութեան եւ ոչ թէ… ձախաւերներու, որոնք պատուհասաբեր ներկայութիւններ են իրենց շրջանակներէն ներս եւ առհասարակ հայ իրականութան մէջ իրենց վայելած… անժողովրդականութեամբ։

Միթէ պարզ չէ՞ որ այդպիսիներ ինչպէս կը վնասեն իրենց միջավայրերուն ու կը վտանգեն գաղութահայ կեանքի առողջացման, դառնալով աղէտ բոլորին համար ու բոլորին դէմ։

Ուրեմն, յստակ պէտք է ըլլայ, ազգային գործիչները չեն կրնար ըլլալ բազմատեսակ, այլ՝ միատեսակ, այսինքն՝ կոչումնատէր, կոչումնածին, կոչումնահար, կոչումնապաշտ եւ կոչումնամէտ։

***

Այս հպանցիկ խորհրդածութենէն ետք, կ՚ուզեմ անդրադառնալ եւ վերյիշել իսկակա՛ն ազգային գործիչի մը մասին, որ կը կոչուի՝

ՎԱՐԴԳԷՍ ԳԱՐՏԱՇԵԱՆ

Համեստութեան, աշխատասիրութեան, կազմակերպչականութեան, գիտելիքութեան, լեզուաիմացութեան, քաղաքագիտութեան յատկանիշներով օժտուած հայորդի մը, որ իր համակ կեանքը նուիրած էր

– Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

Ծնունդով եգիպտացի Վարդգէսը, երբեմնի աշխոյժ ու կենսունակ եգիպտահայ գաղութին մէջ, թրծուած ու կոփուած էր, գաղափարական շունչով ու միութենական ոգիով, երիտասարդ տարիքին ամբողջովին նուիրուելով ու ծառայելով իր նախասիրած ազգային-հայրենասիրական կազմակերպութիւններուն։

Պօղոս Նուպար Փաշաներու եւ անոնց յետագայ ղեկավարներու հմայքով լիացած եւ Միհրան Տամատեաններու եւ անոնց հետեւորդ սերունդներու հմայքով հիացած Վարդգէս Գարտաշեանը արդէն գտած էր իր ազգային ուղեգիծը, գործունէութեան դաշտը։

Էօժէն Բաբազեաններու, Ալ. Սարուխաններու ու գաղափարակից ու միութենակից բազմաթիւ անուանի ղեկավարներու շրջապատին մէջ, Վարդգէս Գարտաշեան հասակ առաւ, գործեց ու ծառայեց ՌԱԿ-ին, ՀԲԸՄ-ին եւ «Արեւ» օրաթերթին ազգային ու հայրենանուէր գործունէութեանց ու դերակատարութեանց ամրապնդումին։

60-ական թուականներու վերջաւորութեան, երբ լիբանանահայութիւնը կ՚ապրէր իր ծաղկունքը ու զարթօնքը, իրաւա՛մբ, դառնալով սփիւռքահայութեան ողնասիւնը, կուսակցական ու միութենական գործունէութեանց նոր թափ ու զարկ տալու նախանձախնդրութեամբ, յարմար տեսնուեցաւ Վարդգէս Գարտաշեանը հրաւիրել Պէյրութ, անոր վստահելով (կամ յանձնել) հետեւեալ պաշտօնները.

 

Ա.

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան քարտուղարութիւնը (ատենագրութիւն, նամակագրութիւն, տեղեկագրութիւն, ճառագրութիւն, յայտարարութիւն, հաղորդագրութիւն, շրջաբերագրութիւն, եւայլն)։

Այդ օրերուն, ՌԱԿ-ը կ՚ապրէր իր ոսկեդարը, Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, իր գործօն ու փայլուն ներկայութեամբ, թէեւ լայնաշերտ ու ստուարաթիւ անդամակցութիւնը, նոյնիսկ կ՚անգիտանար անոր ղեկավարութեան տեղն ու կեդրոնատեղին, բայց, հպարտ էր անոր արդիւնաւէտ հեղինակութեամբ ու վայելած վարկով։

Անշուշտ, Գարտաշեան, երբ ստանձնեց այս պատասխանատու պաշտօնը, հրապարակային ոչ մէկ յայտարարութեամբ ծանուցուեցաւ ատիկա, որովհետեւ յատենի ղեկավարութիւնը գիտակից էր իր գաղափարական գործին առաքելութեան ու լրջութեան եւ հիմնովին հեռու էր ցուցադրական երեւումներէն։

Լիբանանեան պատերազմը, սակայն, շատ բան փոխեց լիբանանահայութեան կարգուսարքին մէջ, ընդհուպ՝ կուսակցութեանց, ուր անոնց տեղայնացումը կամ տեղափոխումը քննարկումի նիւթ դարձաւ, ՌԱԿ-ի պարագային, յայտնի ըլլալով որ Կեդրոնական վարչութեան գործավարն է՝ Վարդգէս Գարտաշեան։

Մայրաքաղաքը «բաժնուած» էր՝ արեւմտեան եւ արեւելեան թեւերու. Կեդրոնական վարչութեան ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը կ՚ապրէր արեւմտեան շրջանին մէջ, իսկ պատասխանատու քարտուղարը՝ Գարտաշեան, արեւելեան։

Անհրաժեշտ էր արագ եւ ազդու գործել, հետեւաբար ղեկավար Գերսամ Ահարոնեանի կարգադրութեամբ, Գարտաշեանը (ապահովական յատուկ միջոցներով, բերուեցաւ արեւմտեան շրջան եւ Օննիկ Սարգիսեանի բնակարանին մէջ կայք հաստատեց), տեղւոյն ժողովներուն մասնակցեցաւ, գրառութիւններ կատարելով, յարաբերութիւններու ձեռնարկելով եւ անմիջական կապեր ստեղծելով։

Գարտաշեանի այս «փոխադրութիւն»ը՝ արեւելեանէն արեւմտեան, ապահովական խիստ վտանգաւոր անցումներով, առողջական ոչ-թոյլատու պայմաններու մէջ եւ հարազատներէն հեռու, քիչեր կրնային ստանձնել կամ համակերպիլ, բացի անոնցմէ, որոնք Ազգային գործիչի գիտակցութիւն ու պատասխանատուութիւն ունէին։

 

Բ.

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, իր կրթական, երիտասարդական, մշակութային, մարզական գործունէութեանց զուգահեռ, մասնաճիւղային ծաւալային ընթացքի մէջ էր ու պէտք էր զայն համադրել, համակարգել ու հովանաւորել, աւելի աշխուժացնելու ու հունաւորելու համար զայն։

Գարտաշեանի աշխատանքային փորձառութիւնը եւ հմտութիւնը լաւագոյնս կրնային նպաստել մասնաճիւղերու ստեղծման, կազմակերպման ու կարգաւորման, որուն իրագործման մէջ, ան շնորհակալ դեր ու ներդրում ունեցաւ.

Այնուհետեւ, Գարտաշեանին յանձնուեցաւ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Կրթական յանձնախումբի քարտուղարութեան պաշտօնը Ս. Նշան եկեղեցւոյ հանդիպակաց Համալեաններու եռայարկանի երրորդ մասնաբաժնին մէջ, որ Միութեան Կեդրոնական գրասենեակն էր։

Յիշեցնեմ՝ Գարտաշեան, հայերէն լեզուին կից, տիրապետած էր արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն (խիստ գեղեցիկ ձեռագիրներով), նաեւ հաշուեքննական հարցերու փորձառութեամբ, ինչ որ կը նպաստէին կրթական-հաշուական խնդիրներու լուծման։

***

1979-ին, Գարտաշեան ՀԲԸ Միութեան իր պաշտօնէն հանգստեան կոչուեցաւ, բայց, երբեք հեռու չմնաց իր գաղափարական-միութենական շրջանակներէն, հպարտ զգալով որ կը պատկանի անոնց։

Սակայն, խոր ցաւ ապրեցաւ, ի տես ՌԱԿ-էն ներս տեղի ունեցող անհարթութիւններուն, անհանդուրժողութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն, լռելեայն եւ ինքնամփոփ, յուզումով հետեւելով անոնց ընթացքին, որովհետեւ տեսած ու զգացած էր, որ իր ժամանակակիցներուն պատկառելիութիւնը ունեցող տեսլապաշտներ չկային, չէին մնացած, իսկ նորերուն մեծ մասը «քանդիչ սխրագործութիւններ»ով զբաղած էր։

Գարտաշեանը, այո՛, իսկական գործիչ էր, կուսակցականի ու միութենականի ազնիւ զգացումներով մնալով իր կոչումին տէրը, ոչ բեմերու, ոչ պատուանդաններու, ոչ ալ հարթակներու վրայ ինքզինք ցուցադրելով։

Շիջեցաւ՝ լռիկ-մնջիկ, մէկ կողմէն՝ անհուն գոհացումով, որ իր ազգային գործունէութեան մէջ, եղած ու մնացած էր անշեղ գաղափարախօս-ծառայող մը, բայց միւս կողմէն՝ խորապէս վրդոված, իր շուրջ տեղի ունեցող դէպքերէն ու կարգ մը անլուրջներու վերաբերմունքներէն, որոնց մասին յաճախ զրուցելու ու մտորելու պահեր ունեցած էինք։

***

Անձնապէս օգտուած եմ Գարտաշեանի հարուստ փորձառութիւններէն ու գիտելիքներէն. ինք սիրայօժարօրէն օգնած էր իմ միութենական աճիս ու զարգացումիս, մանաւանդ երբ ՀԲԸ Միութեան Կրթական յանձնախումբի վարիչ քարտուղարի պատասխանատու պաշտօնը ինծի վստահուեցաւ, բարեհաճ տնօրինութեամբը Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ անոր արժանաւոր ատենապետ՝ Տիար Կարպիս Լ. Նազարեանին։

Ան, փափկանկատօրէն, քաջալերած ու մղած էր զիս անդամակցելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, իսկ 1972-ին, երբ «Զարթօնք»ի խմբագրութեան մէջ, խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանի կնքահայրութամբ, ես եւ Յակոբ Վարդիվառեանը երդմնառութիւն տուինք, ատիկա մեծ գոհունակութիւն պատճառեց Գարտաշեանին։

Ահաւասիկ, այսպիսի երախտաւոր մըն ալ… կը մոռցուի, բայց, իր գործը ու բերած նպաստը կը մնան արձանագրելի։

 

Պէյրութ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին