Հայրենադարձները Կը Պատմեն – 2 –
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Զարթօնք», որ հայրենիքէն կը շարունակէ յօդուածներ, հարցազրոյցներ ու հետաքրքրական տեսաձայնագրութիւններ ներկայացնել, իր «Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ եւ «Ներդրողներ Հայրենիքի Մէջ» շարքերով, կու գայ անոնց վրայ աւելցնելու նոր շարք մը եւս՝ «Հայրենադարձները Կը Պատմեն…» ընդհանուր խորագրով: Շարքի նպատակն է ներկայացնել Հայաստան ու Արցախ բնակող հայրենադարձներու կեանքը, որոնք զանազան պատճառներով աշխարհի տարբեր երկիրներէ վերադարձած են հայրենիք՝ մշտական բնակութեան:
Մեր շարքի երկրորդ հերոսը սուրիահայ Վահրամ Տէր-Օհանեանն է, որ 2014 թուականին հայրենիք տեղափոխուած է սուրիական պատերազմին պատճառով: Ընտանեօք կ’ապրին Երեւան, ինչպէս միւս սուրիահայերը, իրենք ալ վարձու բնակարանի մը մէջ: Ընտանիքը սկզբնական շրջանին դժուարութիւններ շատ ունեցած է, աշխատանքի փնտռտուքները այս ու այն կողմ տարած են, սակայն ապարդիւն։
Նոյնիսկ ցանկութիւն ունեցած են դարձեալ վերադառնալ Սուրիա, բայց, ինչպէս կ’ըսէ պարոն Վահրամը, Աստուած օգնական եղաւ, եւ իրենք յաջողեցան Հանրապետութեան հրապարակի մեթրոյի գետնանցումին վարձակալել փոքրիկ տաղաւար մը ու հայաստանցիներուն հրամցնել սուրիական ուտեստներ, Հալէպի սենտուիչներ եւ այլն։
Վահրամ Տէր Օհանեանը ծնած է Հալէպ: Այդտեղ ալ զբաղած է նոյն աշխատանքով, սենտուիչներ պատրաստած է, բայց, ի տարբերութիւն Հայաստանի, Հալէպի մէջ եկամուտը աւելի մեծ էր, տարածքը մեծ էր, իսկ բնակչութիւնը՝ շատ:
Հակառակ այդ բոլորին՝ Երեւանի մէջ ձեռք բերած է իր մշտական յաճախորդները, որոնք յատուկ կու գան իրմէ սենտուիչ գնելու համար։ Ան կ’ըսէ, որ Հալէպի սենտուիչները կը տարբերին համով եւ բաղադրիչներով, ամէն ինչը կը պատրաստուի սուրիական ձեւով, յատուկ համեմներով, այդ իսկ պատճառով Հայաստանի մէջ մեծ պահանջարկ ունին անոնք, տեղացիներն ալ կը սիրեն։
Իր խօսքով՝ ամառը աւելի շատ կը վաճառէ, քան ձմեռը։ Միակ դժուարութիւնը Հայաստանի մէջ այն է, որ գիները շատ բարձր են, փոքրիկ առեւտուրը սկսելու ժամանակ ալ առանձնապէս աջակցութիւն չէ ցուցաբերուած, այս պահուն ալ չունի: Հանրապետութեան հրապարակի մեթրոյի գետնանցումին չորս մեթր քառակուսի տարածքի համար կը վճարէ 100 հազար դրամ վարձավճար, ինչը բաւական սուղ է։ Սկզբնական շրջանին 60 հազար դրամ կը վճարէր, տարուէ-տարի գինը բարձրացած է։
Հայրենադարձ Վահրամի կարծիքով՝ հարկային մարմիններու հետ խնդիրներ չեն յառաջանար, եթէ բնական հարկերը մուծես, խախտումներ չընես, իսկ ինքը այդպէս ալ կ’աշխատի: Այս տարիներուն հարկային մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ որեւէ խնդիր չէ ունեցած: Վահրամի ընտանիքի անդամներն ալ կ’աշխատին: Որդին զբօսաշրջային ընկերութիւն ունի, այդ աշխատանքով կը զբաղի, կինն ալ կ’օգնէ սենտուիչներու պատրաստութեան մէջ, մթերքները կը գնէ, կը պատրաստէ, կը մաքրէ, մէկ խօսքով՝ կ’օգնէ զարգացնելու ընտանեկան փոքրիկ առեւտուրը:
Պարոն Վահրամը կ’ըսէ մէկ տարի առաջ 14 օրով մեկնած էր Սուրիա՝ յոյսով, որ այդտեղ վիճակը կարգաւորուած կ’ըլլայ, կը վերադառնան Սուրիա, բայց՝ ոչ, Հալէպի մէջ յառաջիկայ մի քանի տարիներուն դժուար թէ կարենան հանգիստ ապրիլ:
Ան կ’ըսէ, որ Հայաստանի մէջ ապրիլը դիւրին է, կը սիրեն երկիրը, կեանքը շատ լաւ է, բայց սղութիւն կայ ապրանքներու, վարձու տուներու, տարածքներու պարագային եւ այլն: Այս պահուն դեռ չի մտածեր փոքրիկ առեւտուրը ընդլայնելու մասին, կը վախնայ մեծ տարածք վերցնելու, քանի որ վստահ չէ՝ կը կարողանա՞յ գլուխ բերել, թէ ոչ: