Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Երեւանի Մէջ Հինգ Տարուան Մէջ Կէս Միլիոն Ծառ Պիտի Տնկուի

Երեւանի քաղաքապետարանի բնապահպանութեան վարչութեան պետ Խաչիկ Յակոբեան ներկայացուցած է մայրաքաղաքի 2019-ի կանաչապատման ծրագրի մանրամասնութիւնները: կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը։

Ըստ Յակոբեանի՝ 5 տարուան մէջ Երեւանի մէջ պիտի տնկուի 500 հազար ծառ, որոնց մեծ մասը պիտի ըլլան ծաղկող ծառեր եւ թուփեր: Տնկիները պիտի տեղադրուին բացառապէս այն հատուածներու մէջ, ուր կայ ոռոգման համակարգ:

 Օփերայի սրճարաններու որոշ հատուածներ պիտի կազմաքանդուին։ Պիտի իրականացուին կանաչ տարածքներու թուային գոյքագրման աշխատանքներ:

Բուժման պիտի ենթարկուի 35 000 ծառ, պիտի տնկուի 1 միլիոն ծաղիկասածիլ, պիտի ստեղծուին ծաղկանոցներ, քաղաքին բնորոշ նոր ծաղկատեսակներ պիտի տնկուին: Պիտի կանաչապատուի «Հիւսիս- Հարաւ» ճանապարհի Դաւթաշէն-Աշտարակ հատուածին յարող 3 հեքթար տարածքը:

Նոր անտառ-պուրակ պիտի ստեղծուի Էրեբունիի` Նուբարաշէնին յարող հատուածին մէջ, 20 հա տարածքով: 2019-ին կը նախատեսուի շուրջ 5 քմ․  նոր ոռոգման ցանց ստեղծել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին