Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Արաբական Տնտեսական Գագաթաժողովը Ընթացք Առաւ. Ներկայութեան Մակարդակը Անգոհացուցիչ Նկատուեցաւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Այսօր Պէյրութի մէջ ընթացք կ՛առնէ Արաբական տնտեսական գագաթաժողովը,  որուն Արաբական Լիկայի մէջ արաբական երկիրներու մնայուն ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ նախապատրաստական ժողովը տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին:

Հակառակ անոր, որ Լիբանան մեծ թափով պատրաստուեցաւ հիւրընկալել համաարաբական տնտեսական գագաթաժողովը, սակայն նախագահներու մակարդակով ներկայացուցչութիւնը բաւական տկար դուրս եկաւ, որուն պատճառը կը նկատուի անցնող օրերու տարակարծութիւնները ինչ կը վերաբերի Լիպիոյ մասնակցութեան:

Ամէն պարագայի սակայն այս առիթով գործի դրուած են յատուկ կարգադրութիւններ, որոնց ամէնէն գլխաւորը՝ մայարաքաղաքի տարածքին դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ երկրին պետական հաստատութիւններուն փակ մնալն է:

Լիբանանի Ներքին գործոց նախարարութեան կարգադրութեամբ երկրին մէջ գործող զէնքի բոլոր արտօնագրերը պիտի սառեցուին որոշ ժամկէտով մը:

Յիշեցնենք, որ այս տնտեսական գագթաժողովը տեղի կ’ունենայ այն պահուն, երբ արաբական մէկէ աւելի պետութիւններ որոշ դրական նշաններ  ուղարկած են Սուրիոյ նկատմամբ սակայն ժողովին մասնակցելու համար հրաւէր չուղարկուեցաւ Սուրիոյ հանրապետութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին