Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Ամանորեայ եւ Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորանք

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Չորեքշաբթի, Յունուար 9-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի այցելեց Առաջնորդարան, Պրպենք, աւանդութեան համաձայն շնորհաւորելու թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը՝ նոր տարուան  եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է, որպէսզի արծարծուին մեր համայնքն ու հայրենիքը յուզող հարցեր։ Շեշտուած է համագործակցութիւնը ազգային զանազան կառոյցներու միջեւ, որուն համար անհրաժեշտ է առողջ գործակցութիւն եւ միասնականութիւն։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած զրոյցին ընթացքին ներկաները մաղթած են բարգաւաճ եւ արդիւնաբեր տարի մը բոլորին համար։

Ձախէն աջ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներ Ընկ. Գէորգ Գրիգորեան եւ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Առաջնորդ Յովնան Սրբազան, եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ Ընկ. Յակոբ Նազարեան եւ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան։                                                                                       

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին