Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ԱԺ Յանձնաժողովներու Նախագահներուն Ընտրութիւնը Կը Կայանայ Այսօր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան հարցի քննարկումը կը շարունակուի Այսօր: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին Յունուար 17-ի նիստի աւարտին յայտնեց ԱԺ ընդդիմադիր փոխնախագահ Վահէ Էնֆիաճեանը:

«Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կը նախագահէ՝ 8,  «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը` 2, իսկ «Լուսաւոր Հայաստանը»՝ 1 յանձնաժողով: Նիստին խմբակցութիւնները ներկայացուցած էին իրենց թեկնածուները:

 

«Իմ քայլը» խմբակցութիւն

Նարեկ Զեյնալեան- առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ առողջապահութիւն, մայրութիւն, մանկութիւն, ընկերային ապահովութիւն, հաշմանդամութեան հիմնահարցեր, աշխատանք, զբաղուածութիւն, ժողովրդագրութիւն եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (12 անդամ),

Ռուբէն Ռուբինեան- արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողով՝ միջազգային յարաբերութիւններ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, Եւրոպայի խորհուրդի, Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ գործակցութեան կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապեր, միջխորհրդարանական համաձայնագիրեր եւ կապեր, խորհրդարանական բարեկամական խումբեր եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (14 անդամ),

Մխիթար Հայրապետեան- գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ գիտութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ, հայրենադարձութիւն, սփիւռքի հետ կապեր, երիտասարդութիւն, մարմնակրթութիւն, տեղեկութիւն, մամուլ, ռատիօ, հեռուստատեսութիւն եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (12 անդամ),

Արման Եղոյեան- եւրոպական ներգրաւուածութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ Եւրոպական Միութեան հետ կապեր, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրագործման հետ կապուած հարցեր, Եւրոպական Միութեան իրաւական արարքներու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներու մօտարկում եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (10 անդամ),

Վլատիմիր Վարդանեան- պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ պաշտպանութիւն, ազգային անվտանգութիւն, ոստիկանութիւն, արտակարգ իրավիճակներ, ռազմարդիւնաբերական համալիր, զինուած ուժերու, ազգային անվտանգութեան, ոստիկանութեան եւ այլ ռազմականացուած մարմիններու մէջ ծառայութիւն եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (11 անդամ),

Վարազդատ Կարապետեան- պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ սահմանադրաիրաւական հարցեր, կուսակցութիւններ, ընտրական համակարգ, Ազգային ժողովի կանոնակարգ, հանրաքուէ, սահմանադրական դատարան, արդարադատութիւն, դատարանակազմութիւն, դատախազութիւն, քննչական մարմիններ, դատական արարքներու հարկադիր կատարում, քրէակատարողական ծառայութիւն, համաներում, հանրային ծառայութիւն եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ, սահմանադրութեան փոփոխութիւններ, քաղաքացիական, քրէական, վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքեր, դատավարական օրէնսգիրքեր (15 անդամ),

Անդրանիկ Քոչարեան- տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ տարածքային կառավարում, վարչատարածքային բաժանում, տեղական ինքնակառավարում, տարածքային զարգացում, համայնքային ծառայութիւն, տեղական հարկեր, տուրքեր եւ վճարներ, գիւղատնտեսութիւն, բնութեան պահպանութիւն եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (12 անդամ),

Բաբգէն Թունեան- տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ հարկեր, տուրքեր, վճարներ, արդիւնաբերութիւն, քաղաքաշինութիւն, ուժաբանութիւն, բնական պաշարներ, փոխադրամիջոց, կապ, հեռահաղորդակցութիւն, համացանց, արտադրական ենթակառուցուածքի այլ ճիւղեր, զբօսաշրջութիւն, առեւտուր եւ ծառայութիւններ, ձեռնարկատիրական գործունէութիւն, պետական գոյքի կառավարում, սակագիներ, տնտեսական մրցակցութիւն, հակամենաշնորհ եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (15 անդամ),

 

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւն

Նայիրա Զոհրապեան- մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, երեխայի իրաւունքներ, կրօն, կանանց եւ տղամարդկանց իրաւահաւասարութիւն, ազգային փոքրամասնութիւններ, փաստաբանութիւն, արհեստակցական միութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (10 անդամ),

Միքայէլ Մելքումեան- տարածաշրջանային ներգրաւուածութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն հետ կապեր, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ միւս պետութիւններու օրէնսդրութեան ներդաշնակեցում, միասնականացում եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (11 անդամ),

 

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւն

Մանէ Թանդիլեան- ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մշտական յանձնաժողով՝ պիւտճէական օրէնսդրութիւն, պետական պիւտճէ, փոխառութիւններ, վարկեր, դրամ, դրամաշրջանառութիւն, հաշուեքննութիւն, դրամատնային համակարգ, ֆինանսական (դրամական, վարկային, ապահովագրական եւ արժեթուղթերու) շուկաներ եւ այդ ոլորտները կարգաւորող օրէնքներ (10 անդամ):

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին