«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիստոֆեր Փայն Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի հետ՝ խօսելու աւստրալա-լիբանանեան յարաբերութիւններուն մասին՝ պաշտօնական այցով Լիբանան ժամանելէ ետք: Այս մասին կը հաղորդեն Լիբանանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Այնուհետեւ Փայն հանդիպում ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի, լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզեֆ Աունի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Եաքուպ Սարրաֆի հետ: Այս մասին հաղորդեց ազգային լրատուական գործակալութիւնը:






