«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ Հոլոքոսթի թանգարանի «Early Warning» նախագիծը Թուրքիան ներառած է այն երկիրներու տասնեակին մէջ, ուր բռնութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու վտանգ կայ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Թուրքիան «Early Warning» նախագիծի՝ 2018-2019 թուականներուն ընթացքին բռնութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու բարձր վտանգ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ 8-րդն է:
Կը նշուի, որ նախագիծին վերջին երեք տարիներու գնահատականներուն մէջ Թուրքիան եղած է զանգուածային սպանութիւններու վտանգ ունեցող 15 երկիրներու ցանկին մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ վարկանիշին մէջ Թուրքիոյ դիրքը բարձրացած է 2016 թուականին տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախողած փորձէն ետք: Երկրին մէջ զանգուածային սպանութիւններու վտանգի գործօններն են նաեւ մարդոց տեղաշարժի սահմանափակումները, ոչ ժողովրդավարական ռեժիմը, բնակչութեան մեծ քանակը, զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը, քիւրտ ապստամբներու եւ Թուրքիոյ իշխանութեան միջեւ շարունակուող զինուած հակամարտութիւնը:
«Early Warning» նախագիծի վարկանիշը կը գլխաւորէ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը, երկրորդ հորիզոնականին վրայ է Աֆղանիստանը, երրորդ հորիզոնականին՝ Եգիպտոսը: Եգիպտոսին կը յաջորդեն Հարաւային Սուտանը, Փաքիստանը, Եմէնը, Անկոլան:






