Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

«Early Warning» Նախագիծը Թուրքիան Ներառած Է Զանգուածային Սպանութիւններու Առումով Բարձր Վտանգ Սպառնացող Երկիրներու Տասնեակին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ Հոլոքոսթի թանգարանի «Early Warning» նախագիծը Թուրքիան ներառած է այն երկիրներու տասնեակին մէջ, ուր բռնութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու վտանգ կայ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Թուրքիան «Early Warning» նախագիծի՝ 2018-2019 թուականներուն ընթացքին բռնութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու բարձր վտանգ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ 8-րդն է:

Կը նշուի, որ նախագիծին վերջին երեք տարիներու գնահատականներուն մէջ Թուրքիան եղած է զանգուածային սպանութիւններու վտանգ ունեցող 15 երկիրներու ցանկին մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ վարկանիշին մէջ Թուրքիոյ դիրքը բարձրացած է 2016 թուականին տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախողած փորձէն ետք: Երկրին մէջ զանգուածային սպանութիւններու վտանգի գործօններն են նաեւ մարդոց տեղաշարժի սահմանափակումները, ոչ ժողովրդավարական ռեժիմը, բնակչութեան մեծ քանակը, զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը, քիւրտ ապստամբներու եւ Թուրքիոյ իշխանութեան միջեւ շարունակուող զինուած հակամարտութիւնը:

«Early Warning» նախագիծի վարկանիշը կը գլխաւորէ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը, երկրորդ հորիզոնականին վրայ է Աֆղանիստանը, երրորդ հորիզոնականին՝ Եգիպտոսը: Եգիպտոսին կը յաջորդեն Հարաւային Սուտանը, Փաքիստանը, Եմէնը, Անկոլան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին