Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Տեսակէտ. Երբ Խոցելի Դառնաս, Մի՛ Մեղադրեր Օտարը

 Կրթութիւն Եւ Մշակոյթ

Մաս Դ –

ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ

Երբ ծառի արմատներուն մեծ մասը հողէն դուրս տարածուի,

հողը կը դժուարանայ սնանել զայն:

 

            Սոյն յօդուածին նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ու մշակոյթի նախարարութեանց գործունէութեան, նուաճումներուն կամ վերջինիս չքացման անդրադառնալը չէ, այլեւ լուսաբանումը վերջին քառորդդարեայ կրթական ու մշակութային կեանքի խոցելի վիճակին:

            Խորհրդային հասարակարգի կազմաւորման առաջին իսկ օրերուն, բնակչութեան համընդհանուր տգիտութիւնը վերացնելու համար, նախ եւ առաջ զարկ տրուեցաւ դպրոցներու եւ համալսարաններու հիմնադրման, ինչպէս նաեւ նոր խորհրդային մշակութային կեանքի հաստատման, աշխուժացման ու զարգացման՝ անշուշտ հիմք ընդունելով միայն ու միայն խորհրդային ուսուցման եւ մշակութային սկզբունքները, զորս յայտնի է «մշակութային յեղափոխութիւն» անուամբ: Խորհրդային նոր կրթական ու մշակութային կարգեր հիմնելու ընթացքին նախախորհրդային շրջանի հարիւրաւոր ու հազարաւոր կրթական ու մշակութային գործիչներ յայտնուեցան բանտախցիկներու ճաղերուն ետեւը կամ ալ սիպիրեան աքսորավայրեր։ Բնականաբար նոյն էր վիճակը նաեւ խորհրդայնացած Հայաստանի մէջ։ Հայաստան հրաւիրուած բազում գիտնականներ, կրթական ու մշակութային, քաղաքական ու ռազմական գործիչներ, գործարարներ ու բարերարներ, յայտարարուելով խորհրդային հասարակարգի դաւաճաններ, նետուեցան բանտեր կամ սիպիրեան աքսորավայրեր, որոնք այլ եւ այլ միջոցներով կամ անհետացան եւ կամ սակաւ փրկուածներն անիծեցին իրենց տածած հաւատքը (սթալինեան սպանդէն այլեւայլ ձեւերով փրկուած մեզի յայտնի երեւելի հայորդաց թիւը աւելի քան յիսուն է, ինչպէս՝ Ներսէս Ակինեանը, Հրաչեայ Աճառեանը, Վախթանգ Անանեանը, Լեռ Կամսարը, Մորուս Հասրաթեանը, Գուրգէն Մահարին, Երուանդ Քոչարը եւ շատ-շատ ուրիշներ): Հայոց Մեծ եղեռնին հայ մտաւորականութեան նկատմամբ կիրառուած օսմանեան պատժամիջոցները կրկնուեցան այս անգամ խորհրդայնացած Հայաստանի մէջ «մեծ զտման» (յայտնի է նաեւ «մեծ ահաբեկչութիւն» անունով) համախորհրդային ոճրային քաղաքականութեան շնորհիւ` հնձելով մեր ազգի ընտրեալներն (Խորհրդային Հայաստանի մէջ բռնաճնշումներու ենթարկուած եւ սպաննուած երեւելի հայորդիք հետեւեալներն են՝ Ակսէլ Բակունցը, Աղասի Խանճեանը, Քալանթար Աշխարհբէկը, Արշակ Տօնոյեանը, Հայկ Բժշկեանցը, Գարեգին Նժդեհը, Եղիշէ Չարենցը, Զապէլ Եսայեանը, Յովհաննէս Հախուերդեանը եւ շատ-շատ ուրիշներ) ու հազարաւոր հայ քաղաքացիներ (Խորհրդային Հայաստանի մէջ բռնաճնշումներու ենթարկուածներուն վիճակագրութիւնը հետեւեալն է՝ 1921 թուին բռնադատուած է 1400 հոգի: 1921 – 1930 թուականներուն բռնադատուած է 1246 քաղաքացի, որոնցմէ գնդակահարուած է 44-ը: 1930 – 1938 թուականներուն բռնադատուած է 14. 904 քաղաքացի, որոնցմէ գնդակահարուած է 4531-ը: 1939 թուին բռնադատուած է 765 մարդ, որոնցմէ գնդակահարուած է 10-ն: 1940 – 1953 թուականներուն բռնադատուած է 21.494 քաղաքացի, որոնցմէ 1949 թուին բռնադատուած է 13.272 քաղաքացի: Այսպիսով, 1920 – 1953 թուականներուն, Խորհրդային Հայաստանի մէջ ընդհանուր առմամբ բռնադատուած է մօտաւորապէս 45000 քաղաքացի, որոնցմէ մօտաւորապէս 7000-ը գնդակահարուած է): Սակայն ի դէմս վերոյիշեալ անարդարացի արարքներուն` ձեւաւորուեցաւ նոր սերունդ մը` զբաղեցնելու համար խորհրդային նորաստեղծ կառոյցներու համապատասխան թափուր տեղերը։ Այսպիսով, յառաջացան խորհրդային հասարակարգին ծառայող՝ տնտեսական, գիտական, ռազմական, կրթական ու մշակութային ասպարէզներուն պատշաճ մասնագէտներ։

«Ռեսփուպլիքա Արմէնիա» թերթի տարբեր թիւերուն մէջ Հայկական ԽՍՀ քաղաքացիներուն  պարբերաբար լոյս տեսած անուանացանկերը, որոնք 1930 – 1938 թուականներուն ենթարկուած են Սթալինեան բռնաճնշումներուն (Սախարովի կեդրոն, արշիւ)

            Խորհրդային միութեան փլուզման նախօրէին Խորհրդային Հայաստանն ունէր բարձրագոյն կրթութիւն ձեռք ձգած շուրջ 450 հազար մասնագէտ, որոնք ի վիճակի էին սպասարկելու աւելի քան 70 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը: Եթէ ընդունինք, որ այդ մասնագէտներուն կէսը չէին արդարացներ իրենցմէ ակնկալուելիք պահանջարկը, այնուամենայնիւ, 200 հազար հայ մասնագէտն անգամ բաւարար էր, որ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրէր բարգաւաճման լուրջ ընթացք:

            Բայց ի՞նչ կատարուեցաւ:

            Խորհրդային վարչակարգի տասնամեակներ շարունակ պատճառած արհաւիրքները, խորհրդային հասարակագի մնացած քաղաքական ողջ նստուածքի եղծումը, երկրի քաղաքական անկայուն վիճակը, աղէտալի երկրաշարժի պատճառած նիւթական ու հոգեբանական մղձաւանջը, արցախեան պատերազմի մարդկային ամէնօրեայ կորուստներն ու սարսափը, մութ ու ցուրտ տարիներու տառապանքն ու յաճախանքը, տնտեսութեան քայքայումը կամայ թէ ակամայ լա՜յն դռներ բացին անբաղձալի արտագաղթին առջեւ։

Համաշխարհային որակի հայ գիտնականներ, գիւտարարներ, կրթական ու մշակութային գործիչներ, լքելով հայրենի հողը եւ ետեւնին ձգելով անոր ներկան ու ապագան, նախընտեցին իրենց անձերը փրկել եւ իրենց ապագան փնտռել օտար ափերու մէջ: Ցաւալիօրէն անգամ մը եւս սկսանք յիշել յայտնի հայ պատմաբան Լէոյի (Առաքել Բաբախանեան)` հարիւր տարի առաջ «Անցեալից» երկրին մէջ տեղ գտած հետեւեալ տողը՝ «…հայ ժողովուրդի համար ոչ թէ բնակութեան տեղ էր, այլ գերեզման»:

            Այսպիսով, կրթական ողջ համակարգը լուրջ ցնցումներ արձանագրեց: Արտագաղթը եւ մասնաւորի հնարաւորութիւնները եւ պետութեան պիւտճէի պակասը պատճառ դարձան բազում դպրոցներու փակման: Կրթական ու մշակութային օտար ազդեցութեան ոլորտը պսակուեցաւ օտար համալսարաններու ծաղկմամբ, որոնք հասարակութեան ամէնէն կենսունակ տարրը՝ երիտասարդութիւնը, ի հաշիւ ազգայինին, կամայ թէ ակամայ առաջնորդեցին դէպի աշխարհայնացման դաշտ։ Ազգային կրթական հիմնարկներու մէկ մասին քաղաքականացումը եւ կաշառակերութեան ախտաւորեալ թափանցումը հայ երեխան, պատանին ու երիտասարդը նետեցին վերացական, կեղծ ու սահմանափակ հասարակադաշտ` բարդացնելով կրթութեան գիտական ու ազգային եղաշրջական ընթացքը եւ դժուարացնելով բարենորոգումներու հնարաւորութիւնները: Մէկ խօսքով` լրջօրէն խախտուեցաւ ազգայինի ու աշխարհայնացման յարաբերականութիւնը` նոր ու արդիւնաւէտ մանկավարժական ու կրթական եղաշրջական համակարգի սակաւութեան պատճառով լուրջ խոցելի դարձնելով հասարակութեան ձեռք ձգած ազգային դարաւոր աւանդը…:      

            Հայաստանի տարբեր քաղաքներն ու քաղաքամայր Երեւանը ազգային երանգներով ու ոգիով կերտուած քանդակներով, արձաններով ու համալիրներով բացօթեայ թանգարանի վերածած քանդակագործները եւ ճարտարապետները, համաշխարհային ցուցադրասրահներն ու թանգարանները զարդարող ու պայծառացնող գեղանկարիչները, համաշխարհային բեմերը շէնցնող դասական ու երաժշտական այլ ոճի երգիչները եւ երաժիշտները, հանճարեղ բեմադրիչները եւ դերասանները ինքնըստինքեան փոխարինելու եկան նորերը…:

            Այո, ծնունդ առաւ քանդակագործներու եւ գեղանկարիչներու բարձրորակ սերունդ մը, որ համաշխարհային արուեստի շուկայ մուտք գործելու համար քանդակեց համաշխարհային որակի արձանիկներ ու արձաններ, գեղանկարեց համաշխարհային որակի գեղանկարներ, սակայն տուրք տալով ազգայինին (բացառութիւնները յարգելի են): Այո, ծնունդ առաւ երաժիշտներու, երգահաններու ու երգիչներու նոր սերունդ մը, ինչպէս մոլորակիս վրայ ամէնուր, որ, փոխանակ ժողովուրդին որակն ու ճաշակը բարձրացնող երաժշտութիւն ու երգ մատուցանէ, ամէնէն հասարակը, փողոցայինն ու օտարամուտ ռապիզն ու էսթրատան «մշակելով»` աւելի որակազուրկ դարձուց իր ունկնդիրները (բացառութիւնները յարգելի են): Այո, ծնունդ առաւ բեմադրիչներու ու դերասաններու նոր սերունդ մը, որ առ այսօր նոյնիսկ ամէնէն անորակ շուկայականէն քայլ մը անդին չգնաց` աւելի խորացնելով ակնդիրներուն ապազգային ու հասարակական ախտաւորեալ ու ցաւագար վիճակը, իր անբաղձալի սերիալներով ու ֆիլմերով (կան բացառութիւններ): Մէկ խօսքով` յայտնուեցանք մշակութային բաւականաչափ տարածուած անօթ ու ապազգային մթնոլորտի մը մէջ, ուր շատ դիւրաւ մուտք կը գործեն օտարամուտ կործանարար տարրեր եւ լրջօրէն խոցելի կը դարձնեն կուտակուած ազգային աւանդը:

Երբ խոցելի դառնաս, մի՛ մեղադրեր օտարը…:

 

ԵԶՐԱՅԱՆԳՈՒՄ

Այսօր մեր ազգին համար գլխաւորն ու առաջնայինը պէտք է ըլլայ տնտեսական յեղափոխութիւնը եւ զուգընթացաբար բոլոր բնագաւառներու մէջ ազգայինի պահպանումը: Ան կրնայ իրականանալ միայն ու միայն համազգային ներուժով: «Քանի ուշ չէ» շարժենք մեր մէջ անթեղուած մարդկային ու ազգային ողջ ներուժը եւ ի սպաս դնենք մեր բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի թոյլ չտանք, որ երկիրը ներսէն փլուզի եւ յետոյ ըստ սովորութեան մեղադրենք օտարը…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին