Նիկոլ Փաշինեան
Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան – ՀՀ
Մեծարգոյ Պրն. վարչապետ,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով կը շնորհաւորէ ձեր՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակումը:
Հայրենաբնակ հայ ժողովուրդին վստահութեամբ ձեր ձեռք բերած այս պատուաբեր ու պատասխանատու պաշտօնը միեւնոյն ժամանակ պարտաւորիչ է ձեր վեր առած նպատակներու իրագործման իմաստով, եւ մենք յոյսով ենք, որ դուք պիտի կարենաք գործել ըստ մեր ժողովուրդին ակնկալիքներուն՝ մեր հայրենիքը միշտ աւելի զարգացնելու իրապաշտ տեսլականով եւ ծրագիրներու իրագործումով:
Որպէս ռամկավար ազատականներ՝ մենք լիայոյս ենք, որ ժողովրդավար եւ ազատական սկզբունքները պիտի գերակշռեն ձեր իշխանութեան բոլոր գործունէութեանց մէջ, եւ դուք լաւագոյնս պիտի կարենաք ծառայել մեր հայրենիքին՝ թարգմանը հանդիսանալով սփիւռքաբնակ թէ հայրենաբնակ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն իղձերուն ու երազներուն:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ