«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ առաւօտեան Լիբանանի առաջատար կուսակցութիւններու քաղաքական գործիչները, գլխաւորութեամբ մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաիի, հանդիպում ունեցան Պքերքէի մէջ՝ նպատակ ունենալով հանգուցալուծել յառաջիկայ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ 8-ամսեայ փակուղին եւ միաժամանակ գործնական միջոցներու ձեռնարկել երկրի տնտեսական անելանելի կացութիւնը փրկելու համար:
«Յառաջ ընթանալու համար մենք պէտք ունինք սթափեցուցիչ կոչի»,- ըսաւ Ռաաի հեռուստատեսային ուղերձի ժամանակ:
«Որպէս մարոնիներ՝ այս հանդիպումը միտուած է Լիբանանին եւ լիբանանցի ժողովուրդին, եւ մենք, կը շեշտեմ, հակուած չենք ոեւէ մէկը դուրս ձգելու կամ անտեսելու»,- մասնաւորաբար նկատել տուաւ պատրիարքը:






