«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրախորհրդարանի ղեկավար Անթոնիօ Թայանին վատ նորութիւն համարած է Brexit-ի վերաբերեալ Եւրամիութեան հետ համաձայնագիրի շուրջ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանականներուն քուէարկութեան արդիւնքները, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Brexit-ի շուրջ քուէարկութիւնը վատ նորութիւն է»,- ըսուած է Twitter-ի իր օգտահաշիւին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ: Այդտեղ կը նշուի, որ ԵՄ-ի քաղաքացիները, որոնք կ’ապրին Մեծն Բրիտանիա, եւ Միացեալ Թագաւորութեան քաղաքացիները, որոնք կ’ապրին ԵՄ, իրենց ապագայի երաշխիքներուն կարիքը ունին: Յունուար 15-ի երեկոյեան կայացած վճռական քուէարկութեան ընթացքին բրիտանացի պատգամաւորները մերժած են Brexit-ի պայմաններուն շուրջը Եւրամիութեան հետ գործարքը: 432 պատգամաւոր դէմ արտայայտուած է գործարքին, որ անցեալ տարուան Նոյեմբերին հաւանութեան արժանացած էր Լոնտոնի եւ Պրիւքսելի կողմէ 1.5 տարուան բանակցութիւններէ ետք: Համաձայնագիրի այդ նախագիծը, որուն ընդունումը կը պնդէր վարչապետ Թերեզա Մեյը, պաշտպանած է 202 պատգամաւոր: Այսպիսով, գործարքը մերժուած է 230 ձայնի տարբերութեամբ, ինչը դարձած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի ամենախոշոր պարտութիւնը վերջին 95 տարուան ընթացքին, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:






