Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Աւստրալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ Աունի Եւ Շարք Մը Այլ Պաշտօնատարներու Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիստոֆեր Փայն Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի հետ՝ խօսելու աւստրալա-լիբանանեան յարաբերութիւններուն մասին՝ պաշտօնական այցով Լիբանան ժամանելէ ետք: Այս մասին կը հաղորդեն Լիբանանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն:

Այնուհետեւ Փայն հանդիպում ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի, լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզեֆ Աունի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Եաքուպ Սարրաֆի հետ: Այս մասին հաղորդեց ազգային լրատուական գործակալութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին