Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 5 Մլն Տոլար Կը Տրամադրէ Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Գաղթականներուն Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 5 մլն տոլար տրամադրեց Լիբանան բնակութիւն հաստատած սուրիացի գաղթականներուն, մասնաւորաբար վերջերս իրարայաջորդ փոթորիկներէն, տեղատարափ անձրեւներէն եւ ջրողողումներէն տուժածներուն այլազան կարիքները ապահովելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական լրատու գործակալութիւնը:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ԱՄԷ-ի Խալիֆա Պըն Զայետ Ալ Նահիան հաստատութիւնը 18.4 մլն տիրհամ յատկացուցած է՝ Լիբանան բնակութիւն հաստատուած սուրիացի գաղթականներու մղած պայքարը՝ կենցաղային, ընկերային, տնտեսական, որոշ չափով թեթեւցնելու միտումով վերջերս ցուցաբերած օժանդակութիւններու ծիրէն ներս: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին