Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Մոսկուան 2019-ին Յառաջընթաց Կ՛ակնկալէ ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործով. Լաւրով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիա այս տարի յառաջընթաց կ՛ակնկալէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործով: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմենփրես»-ը, Յունուար 16-ին յայտարարած Է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով` ելոյթ ունենալով 2018 թուականի արդիւնքներուն նուիրուած մեծ մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

«Այս ամիս կը ծրագրուի Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն համանախագահներու (ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի-խմբ.) հերթական շփումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Այնպէս որ, կը կարծեմ, այս ուղղութեամբ ալ մենք պիտի կարենանք օժանդակել հակամարտութեան կարգաւորման, որ կը ձգձգուի, բայց որ միանգամայն ենթակայ Է լուծման Երեւանի ու Պաքուի բարի կամքի առկայութեան եւ միջազգային հանրութեան` ի դէմս համանախագահներու աջակցութեան պարագային»,-ըսած Է ան:

Յունուար 16-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը` ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն առաջարկութեամբ եւ մասնակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին