«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 5 մլն տոլար տրամադրեց Լիբանան բնակութիւն հաստատած սուրիացի գաղթականներուն, մասնաւորաբար վերջերս իրարայաջորդ փոթորիկներէն, տեղատարափ անձրեւներէն եւ ջրողողումներէն տուժածներուն այլազան կարիքները ապահովելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական լրատու գործակալութիւնը:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ԱՄԷ-ի Խալիֆա Պըն Զայետ Ալ Նահիան հաստատութիւնը 18.4 մլն տիրհամ յատկացուցած է՝ Լիբանան բնակութիւն հաստատուած սուրիացի գաղթականներու մղած պայքարը՝ կենցաղային, ընկերային, տնտեսական, որոշ չափով թեթեւցնելու միտումով վերջերս ցուցաբերած օժանդակութիւններու ծիրէն ներս:






