Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հայկական Գործարարութիւնը Ամբողջ Աշխարհի Մէջ է, Անոր Շնորհիւ Համագործակցութեան Ներուժը Անհամեմատ կը Մեծնայ. Արմէն Սարգսեան

January 15, 2019ArekyԱշխարհՀայաստան -Պաշտօնական այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ապու Տապիի մէջ, Յունուար 15-ին, հանդիպում ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Սուլթան Ալ Ճապերի հետ՝ քննարկելու տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ Հայաստանը թէեւ փոքր երկիր է, բայց հայերը համաշխարհային եւ սերտօրէն փոխկապակցուած ազգ են: Եւ երբ ինք, իբրեւ նախագահ, կը խօսի համագործակցութեան մասին՝ նկատի ունի ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ հայերը, հայկական գործարարութիւնը աշխարհի մէջ ամէնուր են, որուն շնորհիւ համագործակցութեան ներուժը անհամեմատ կը մեծնայ։

Զրուցակիցները համաձայնած են, որ իբրեւ առաջին քայլ, ԱՄԷ-էն պատուիրակութիւն այցելէ Հայաստան՝ տեղւոյն վրայ հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու, քննարկումներ ունենալու եւ եղած առաջարկները գործնական հիմքերու վրայ դնելու համար։

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երկուշաբթի, Յունուար 14-ին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էրԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ): Նոյն օրը, նախագահը ընդունուած էր Ապու Տապիի թագաժառանգ, ԱՄԷ-ի Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ ալ Նահեանի կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին