Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆ Նախագահ Թրամփի Խօսքերը Տխրեցուցած Են Էրտողանը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Թրամփի յայտարարութեան, նշած է, որ ԱՄՆ նախագահի խօսքերը տխրեցուցած են զինք:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Հապերլեր»-ը:

ԱՄՆ նախագահի յայտարարութենէն ետք Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թրամփի հետ:

Էրտողան նշած է, որ չնայած Թրամփի՝ պատժամիջոցներու միջոցով Թուրքիան «ոչնչացնելու» սպառնալիքներուն՝ հեռախօսազրոյցը բաւականին դրական մթնոլորտի մէջ անցած է, եւ աւելցուցած է, որ քննարկուած է նաեւ սուրիական Մանպիժի մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցը:

«Հեռախօսազրոյցը բաւական դրական մթնոլորտի մէջ անցած է, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք յանգած ենք կարեւոր պատմական փոխըմբռնումի»,- նշած է Էրտողան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին